Հայաստան Մաս կը Կազմէ Աաշխարհի Ճամբորդութեան Համար Լաւագոյն 20 Վայրերու Ցանկին
«Travel and Leisure»-ը կը տեղեկացնէ, որ Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի ճամբորդութեան համար լաւագոյն 20 վայրերու ցանկը: Հայաստան ներառուած է այս ցանկին մէջ:
Կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ միջազգային այցելուները եւ կը ներկայացնէ տեղեկութիւն թէ որ պետութիւնները հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն զբօսաշրջիկներուն համար: Անցեալ տարի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք նկատուած է նաեւ դէպի Հայաստան:
«Իր երկարամեայ պատմութեան ընթացքին (աւելի քան 3000 տարի) Հայաստան կը տառապի հակամարտութեան պատճառով: Սակայն իրավիճակը կայունացած է, անցեալ տարի զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ 18 տոկոսով աճ արձանագրուած է: Ան աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնէական պետութիւնն է, եւ զբօսաշրջիկներուն ամենաշատը կը գրաւեն այնտեղի հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող վանքերը», գրած է կազմակերպութիւնը: