21
Aug
«Հրաշագործ Նռանէ». Արեւմտահայերէն Պատկերազարդ Վիպակ 10-100 Տարեկաններու Համար
Սեպտեմբեր 1-ին, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի նախաձեռնութեամբ, լոյս պիտի տեսնէ 13 ամեայ արցախցի պարմանուհի Ժասմին Հայրապետեանի հեղինակած «Սուպեր Նռանէ» վիպակին արեւմտահայերէն տարբերակը, որ կը կոչուի «Հրաշագործ Նռանէ»։
115 էջնոց պատկերազարդ (19 նկար) այս վիպակի հերոսուհին, 16-ամեայ չքնաղ Նռանէն է, որ օժտուած է գերբնական ուժով եւ կը պայքարի չարի դէմ, որպէսզի փրկէ Հայաստանը:
Նռանէի զէնքերը հայկական են՝ ծիրանի կորիզը, նուռը, ծիրանափողը, Արծուագորգը, Նարեկը, տուտուկը, Արարատ լեռը, նուռն ու խաղողը:
Գաղտնիքներ… անսպասելի իրավիճակներ, ցնցող բացայայտումներ, սէր, տառապանք, պարտութիւն ու յաղթանակ….
Դուք քանի տարեկան ալ ըլլաք, մէկ շունչով պիտի կարդաք այս գիրքը եւ հաճոյքով պիտի ներկէք գիրքին ոգեշնչող նկարները։