25
Oct
Լիբանանի Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Նախաձեռնութիւնը՝ Ի նպաստ Արցախի
Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի մեծ ընտանիքը ապրեցաւ հոգեպարար և նոյն ատեն յուզիչ ժամեր:
Արդարև մեր սիրելի ծնողներն ու աշակերտները ,ընդառաջելով տնօրէնութեան առաջարկին ինքնաշարժներով դպրոց ներկայացան
և իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարեցին Արցախի զինուորին օգնելու:
Անոնք իրենց ինքնաշարժները զարդարած էին Հայաստանի և Արցախի դրօշակներով:
Աշակերտները վստահութեամբ յայտարարեցին, որ անպայման պիտի յաղթենք:
Յուզիչ էր մանաւանդ փոքրիկ տղու մը վարմունքը` ան ստիպած էր ծնողքը, որ իբր նուէր գնեն զինուորական մոյկ մը ,
որպէսզի ղրկուի Արցախ և հայ զինուորի մը ոտքը պաշտպանէ…
Աստուած լսէ մեր անմեղ փոքրիկներուն բերնէն հնչած յաղթելու մաղթանքները
և փրկէ մեր սիրելի հայրենակիցները և Արցախը անարգ թշնամիին ոճիրներէն:
Յուսանք մեր յաջորդ հանդիպումը նուիրուած ըլլայ մեր քաջարի զինուորներուն յաղթանակին:
Այս նուիրահաւաքէն գոյացաւ 6,529,000լ.ո.եւ 110$:
