Աճուրդի Մէջ Կը Վաճառուի Երկու Ֆութպոլային Դաշտի Չափ Պատկեր
Աշխարհի ամենամեծ պատկերի մասերը ` «Մարդկութեան ճանապարհորդութիւն» խորագիրով, 1500 քմ չափով, աճուրդի մէջ կը ցուցադրուին միլիոնաւոր տոլարներ հաւաքելու համար, որոնք պիտի տրամադրուին աղքատ երկիրներու երեխաներու բարեգործական աշխատանքներուն աջակցելու համար, ըստ Բրիտանացի նկարիչ Սաշա Ճէֆրիի յայտարարութեան:
Պատկերը բաժնուած է 70 տարբեր չափի նկարներու, որ երկու ֆութպոլային դաշտի հաւասար է եւ նկարուած կտաւի վրայ: Այս աշխատանքին միջոցով նկարիչ Ճէֆրին կ՛ակնկալէ հաւաքել $30 միլիոն, զոր պիտի յատկացնէ աղքատ երկրներու երեխաներուն յատուկ կրթական կամ առողջապահական ծրագիրներու։ Բրիտանացի նկարիչը եօթ ամիս աշխատած է այս նկարին վրայ, ցուցանիշ արձանագրելով «Կենիս»-ի գիրքին մէջ, որպէս աշխարհի ամենամեծ պատկերը, 140 երկիրներու երեխաներ անուղղակիօրէն մասնակցած են աշխատանքներուն՝ Ճէֆրիին ուղարկելով իրենց նկարները: