26
Apr

Հին հայկական ձեռագիրները, մագաղաթները այսույետ հնարաւոր կ՛ըլլայ վերծանել մի քանի վայրկեանի մէջ

16 ամեայ հայ դպրոցական՝ Գոռ Գրիգորեան նոր ծրագիր մը մշակած է, կը ներբեռնէ նկարը,

կը ստանայ նիւթը, որուն վրայ կարելի է փոփոխութիւն կատարել, ծրագիրը օգտագործելու

համար համացանցի միացումը պարտադիր չէ:

Յաւելուածի հեղինակը՝ Գոռ Գրիգորեանը, Երեւանի մէջ Մոսկուայի պետական համալսարանի

մասնաճիւղի՝ Երիցեան վարժարանի աշակերտ է: Գոռի խօսքով, այնտեղ կարելի է պահպանել

ահռելի քանակութեամբ տեղեկութիւն, զոր ջնջելը անհնար է, անիկա մեզի հնարաւորութիւն

կու տայ պահպանելու մեր դարերու պատմութիւնը, եւ փոխանցելու այդ ժառանգութիւնը յետագայ

սերունդներուն, նաեւ կրնանք փոխանցել օտար ազգերուն, քանի որ մագաղաթներ կարդալը

շատ դժուար է:

Ծրագիրը ստեղծուած է վեց ամսուայ մէջ, մատենադարանին մէջ պահուող հայկական մագաղաթներու

հիման վրայ ալկորիթմ մշակելով, արհեստական բանականութեամբ աշխատող սարքը կը համեմատէ

առկայ բոլոր տուեալները եւ կը պարզէ բովանդակութիւնը, որ ընթեռնելի չէ, ծրագիրը այսօր կը վերծանէ

84 տոկոս ճշգրտութեամբ, սակայն դեռ հասանելի չէ օգտատէրերուն, հեղինակը որոշած է կատարելագործել

զայն, ըստ Գոռի, յետագային կը ծրագրէ այս նախագիծը նուիրաբերել մատենադարանին, առայժմ

կ՛աշխատի սարքը զարգացնելու վրայ, աւելի շատ տեղեկութիւն տրամադրելու:

Գոռ ծրագիրի գաղափարը ունեցած է 2 տարի առաջ, Թումօ կեդրոն յաճախելուն ծրագիրներու վերծանման

ներքին ցանց ստեղծելու ժամանակ: Մագաղաթ վերծանող ծրագիրը շարք մը մրցոյթներու մասնակցած է,

վերջինը Հայկական Համադպրոցական Գիտութեան փառատօնին, ուր յաղթած է «Հայկական Մշակոյթը Եւ

Ժառանգութեան Պահպանումը» անուանակարգին մէջ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...