Աննա Սէթեան Իրաքի մէջ առաջին բժիշկուհին է, փաստաբան Քերոբ Ստեփանի կինը: Ծնած է Պաղտատ` 1914թ.ին, Էլ Քրեմաթ թաղամասին մէջ, նախակրթական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Պաղտատի հայկական դպրոցին մէջ, ապա ուսումը շարունակած ու աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժիշկութեան բաժանմունքը՝ 1937թ.ին, ապա վերադարձած Իրաք, նշանակուելով Իրաքի առողջապահութեան նախարարութեան Թագաւորական հիւանդանոցին բժշկուհի, հանդիսանալով առաջին կին բժիշկը նախարարութեան պատմութեան մէջ:
1945թ.ին, կ’որոշէ մեկնիլ Միացեալ թագաւորութիւն շարունակելու: 1947թ.ին, վերադառնալով Իրաք աշխատելով դասախօս:
Աշխատած է Թագաւորական հիւանդանոցի 10-րդ բաժանմունքին մէջ , ուր 60 մահճակալներու կէսը կանանց հիւանդութիւններու, իսկ միւս կէսը մանկաբարձութեան համար տրամադրուած էին:
1955թ.ին, բժշկական համալսարանին մէջ նշանակուած է իբրեւ փրոֆեսորի օգնական, 1965թ.ին, իբրեւ փրոֆեսոր։
Աննա Սէթեան իսկական հպարտութիւն է Իրաքի կանանց ընդհանրապէս եւ Իրաքի հայութեան մասնաւորապէս:
Աւելցնենք, որ Բժիշկուհի Աննա Սէթեան Ամերիկայի մէջ մասնակցած է քանի մը գիտաժողովներու, ներկայացուցած է մասնագիտական թեմաներով քանի մը ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ: Եղած է Վիրաբոյժներու ամերիկեան քոլեճի պատուոյ անդամ: