Վարդան Այգեկցիի «Աշխատանքը Գանձ է» առակը` յատուկ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներու համար կը կարդայ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, սփիւռքահայերու սիրելի ասմունքող՝ Սիլվա Եուզպաշեան։
Մարդ մը երկու ծոյլ որդիներ ունէր: Օր մը շատ հիւանդացաւ եւ զգաց, որ պիտի մեռնի: Ուստի իր մօտ կանչեց որդիները եւ ըսաւ անոնց.
– Զաւակներս, մեր պապերը գանձ մը թաղեր են մեր պարտէզին մէջ: Ես ձեզի ցոյց պիտի չտամ թէ ո՞ւր թաղուած է այդ գանձը: Ով որ շատ աշխատի, փորէ հողը, խորերը հասնի, պիտի գտնէ այդ գանձը եւ պիտի տիրանայ անոր:
Տղաքը երբ իմացան գանձ բառը, եռանդով սկսան փորել պարտէզը: Օրերով փորեցին հողը: Ուզեցին հասնիլ խորերը, որպէսզի գտնեն գանձը: Անոնք շատ աշխատեցան, սակայն չյոգնեցան: Անոնցմէ ամէն մէկը կ’ուզէր որ ի՛նք գտնէ գանձը եւ տիրանայ անոր :
Այսպէս, փորուած հողը անյքան լաւ հերկուեցաւ, այնքան լաւ մշակուեցաւ որ ժամանակի ընթացքին սկսաւ առատ խաղող տալ:
Երկու որդիներն ալ այս աշխատանքին շնորհիւ հարստացան:
Նկարներ Մարալ Հէքիմեանի