Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային Վարժարանի Բ. Պատրաստականի աշակերտներուն այս տարեշրջանի շարադրութեան նիւթերէն մէկն էր «Ի՞նչ մտածումներ եւ երազներ ունիս ապագայիդ մասին»: Աշակերտները արտայայտուեցան իրենց փափաքներուն, մտածածներուն եւ երազներուն մասին: Ոմանք կ’ուզեն գծագրիչ կամ ճարտարապետ դառնալ, ուրիշ մը կ’ուզէ ոտնագնդակի նշանաւոր խաղցող ըլլալ, եւ այլն :Հետեւեալ գրութիւնները ամենէն հետաքրքրականներն էին: Ձեզի կը ձգենք կարդալու վայելքը:
Սարին Լուսարարեան
Մտածումներ Ապագայիս Մասին
Երբ մեծնամ, կ’ուզեմ “Tasty” («Թէյսդի») աշխատիլ: Այնտեղ շատ խոհարարներ կան եւ բոլորն ալ իրենց պատրաստած տեսերիզները համացանցին վրայ կը դնեն: Թէեւ «Թէյսդի»-ին վարչական գրասենեակը Լոս Անճըլըս է, սակայն երբ դպրոցը աւարտեմ, կ’ուզեմ Ֆրանսա կամ Իտալիա երթալ, որպէսզի խոհարարութիւնս զարգացնեմ: Կրնամ երեւակայել ինքզինքս տասը տարի ետք. կը զգամ, որ շատ հաճելի պիտի ըլլայ: Կը փափաքիմ այս երազս իրականացնել, անշուշտ ընտանիքիս քաջալերութեամբ: Անհամբեր կը սպասեմ, որ մեծնամ եւ երազս իրականանայ:
Տեսիլ Սիմոնեան
Երազս Է…
Ապագային՝ կ’երեւակայեմ ուսուցչուհի ըլլալ: Շա՜տ կը սիրեմ փոքրիկներուն հետ զբաղիլ եւ ուրախ կը զգամ, երբ անոնց նոր բան սորվեցնեմ: Կը փափաքիմ, որ Հայերէնի ուսուցչուհի ըլլամ իմ դպրոցիս մէջ եւ աշակերտներուն սորվեցնեմ մեր մայրենի լեզուն: Այդ պատճառով՝ միշտ կը հետեւիմ իմ Հայերէնի ուսուցչուհիիս թելադրանքներուն եւ խրատներուն, որպէսզի լաւ ըլլամ Հայերէնի մէջ: Յուսամ՝ այս երազս ապագային կը կատարուի:
Նարէ Չիլինկիրեան
Դեռ Կանո՞ւխ Է Թէեւ կը զգամ, որ դեռ կանուխ է ապագային մասին մտածելը, բայց քանի մը գաղափարներ ունիմ, թէ ապագային ի’նչ կ’ուզեմ աշխատիլ: Ապագային՝ կը փափաքիմ Հայերէնի ուսուցչուհի ըլլալ: Կը մտածեմ նաեւ գիւտարար ըլլալու մասին: Արդեօք երազներս կրնա՞մ իրականացնել…
Ժիրայր Տրդատեան
Հայ Վարպետ Ըլլալ
Երբ մեծնամ, կը փափաքիմ հօրս նման ատամնաբոյժ ըլլալ, որովհետեւ կը սիրեմ մարդոց օգնել եւ չեմ ուզեր, որ մարդիկ ցաւին: Ատամնաբուժութեան գեղագիտական բաժինը կը սիրեմ. կ’ուզեմ մարդոց ակռաները գեղեցկացնել, որ ուրախ ըլլան: Հայերը ձեռային աշխատանքներու մէջ շատ լաւ են՝ արհեստավարժ են: Ես ալ կը փափաքիմ վարպետ ատամնաբոյժ ըլլալ: