Գիտնականները կ’ուսումնասիրեն մեզ շրջապատող աշխարհը եւ կը փորձեն զայն հասկնալ։
Գիտնականներու մասնագիտութիւնները
Քիմիագէտ Chemist
Քիմիագէտները փորձարկումներ կը կատարեն հասկնալու, թէ ինչ նիւթերէ բաղկացած է մեզ շրջապատող աշխարհը։
Աստղագէտ Astronomer
Աստղագէտները կ’ուսումնասիրեն աստղերն ու մոլորակները։
Երկրաբան geologist
Երկրաբանները կ’ուսումնասիրեն գետնի ընդերքին մէջ գտնուող ժայռերն ու մետաղները, ինչպէս նաեւ երկրաշարժներու եւ հրաբուխներու պատճառները։
Բուսաբան Botanist
Բուսաբանները կ’ուսումնասիրեն բուսական աշխարհը, թէ ինչպէս կ’ապրին ու կը բազմանան բոյսերը եւ անոնք ինչի համար են օգտակար։

Weather news reporter
Օդերեւութաբան Meteorologist
Օդերեւութաբանները կ’ուսումնասիրեն հովն ու ամպերը՝ նախատեսելու համար յառաջիկայ օրերու եղանակը։
Կենսաբան Biologist
Կենսաբանները կ’ուսումնասիրեն մարդկային մարմինը, բոյսերն ու անասունները, բուսաբաններն ու բժիշկները նոյնպէս կենսաբան կը համարուին։
Կաենդանաբան zoologist
Կենդաբանները կ’ուսումնասիրեն անասունները եւ անոնց ապրելակերպը։
Բնագէտ Natural philosopher
Բնագէտները կ’ուսումնասիրեն մեզ շրջապատող կարգ մը երեւոյթներ, ինչպէս լոյսը, ձայնը, ջերումթիւնը, ուժերն ու անոնց յառաջացուցած շարժումները։