Ուղեւորութիւն Դէպի Պրազիլ

Պրազիլը դաշնային հանրապետութիւն է Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Մայրաքաղաքը  կը համընկնի երկրի անուան: Բնակչութեան 74%-ը կաթոլիկներ են, իսկ պաշտօնական լեզուն փորթուկալերէնը: Նախապէս Պրազիլը կը կոչուէր Սուրբ Խաչի Երկիր անունով:

Պրազիլը տարածքով աշխարհի  5-րդ  ամենամեծ երկիրն է (8,5 մլն քմ2՝ Ռուսաստանէն, Գանատայէն, Չինաստանէն եւ ԱՄՆ-էն ետք), բնակչութեան թիւով՝ 6-րդն է (201 մլն մարդ՝ Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ինտոնեզիայէն ու Բաքիստանէն ետք): Երկրի տարածքին կը հոսի աշխարհի ամենաջրառատ գետը՝ Ամազոնը:

Պրազիլի քաղաքներէն մէկը Ռիօ տէ Ժանէյրոն է, ուր կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի արձանը՝ Պրազիլի խորհրդանիշը, որ նաեւ Աշխարհի նոր 7 հրաշալիքներէն մէկն է: Քաղաքի անուանումը փորթուկալերէնէն բառացիօրէն կը թարգմանուի «Յունուարեան գետ»:

Ֆրանսան ցամաքային ամենաերկար սահմանը ունի Պրազիլի հետ, քանի որ անոր կը պատկանի այդ երկրին սահմանակից Ֆրանսական Գուիանան: Սահմանի երկարութիւնը աւելի քան 670 քմ է, ինչը 50 քմ-ով կը գերազանցէ ֆրանս-սպանական սահմանի երկարութիւնը:

”Okay” ժեստը, որ համաձայնութեան նշան  կը համարուի, Լատինական Ամերիկայի երկրներու մէջ կ’ընկալուի որպէս վիրաւորանք՝ «զերօ», «պարապ տեղ» կամ «ոչնչութիւն»: Պրազիլի մէջ ան նոյնպէս ծաղրանքի ու զայրոյթի նշան է:

Պրազիլի մէջ տղամարդու ամենատարածուած անունը Գաբրիէլն է, իսկ կնոջը՝ Ճուլիա անունը: Պրազիլցի ամբողջական անունը սովորաբար երեք մասէ կազմուած է՝ անուան կը կցուին նաեւ հօր եւ մօր մականունները: Ամուսնութենէն ետք կինը ստիպուած չէ փոխել իր մականունը, այլ պարզապէս իր ամուսինինը եւս կ’աւելցնէ անոր:

Պրազիլի ֆութպոլի հաւաքականը աշխարհի մէջ միակն է, որ մասնակցած է Աշխարհի բոլոր առաջնութիւններուն եւ 5 անգամ դարձած է աշխարհի ախոյեան:
Պրազիլի մէջ տեղի կ’ունենայ աշխարհի խոշորագոյն տօնահանդէսը, որ կը սկսի Զատկէն 40 օր առաջ եւ կը տեւէ չորս օր ու գիշեր: Ան կ’ուղեկցուի տօնական մթնոլորտով, երաժշտութեամբ, պարային մրցոյթներով, ուր կը գնահատուին ոչ միայն պարողներու վարպետութիւնը, այլ նաեւ հագուստներու ձեւաւորումն ու զարդարանքները, տեսարանի ճոխութիւնն ու շքեղութիւնը

Հակառակ անոր, որ Պրազիլի մէջ կան մեծ թիւով աղքատ մարդիկ եւ մշտական խնդիրներ, պրազիլցիները կը համարուին աշխարհի ամենաուրախ ազգերէն մէկը:

Երկրին կեդրոնը կը գտնուի Փանթանալի ճահիճները: Անիկա յովազներու, հսկայ ջրաղուէսներու եւ աշխարհի ամէնէն մեծ կրծողներուն` քափիպարաններուն դրախտն է: Կան նաեւ Սերրատօ կոչուած տափաստանները: Իսկ երկրին հարաւը կը տարածուի Փամփան` իր դաշտերով եւ մարգագետիններով:

 

Կեանքը Պրազիլի մէջ

Գիտէ՞ք, որ Ռիօ տը Ժանէյրոյի բնակիչները կ՛անուանեն Քարիոքա: Ռիօ Տը Ժանէյրօ Պրազիլի նախկին մայրաքաղաքն է: 1960 թուականէն ի վեր մայրաքաղաքը Պրազիլն է:

Կ՛ըսուի, թէ Պրազիլի ամէնէն մեծ հարստութիւնը անոր ժողովուրդն է: Ասիկա շատ ճիշդ է: Հոն կ՛ապրէին հնդիկները` փորթուգալցիներուն ժամանումէն առաջ: Անոնք սորվեցան միասին ապրիլ: Ապա բերուեցան ափրիկեցիները, որպէսզի աշխատին դաշտերուն մէջ` իբրեւ ստրուկ: Անշուշտ ասիկա շատ դժուար էր, մանաւանդ որ տէրերը բնաւ լաւ չէին վարուեր անոնց հետ:

Սակայն ներկայիս Պրազիլը խառնուրդ մըն է այս տարբեր ժողովուրդներուն եւ անոնց սովորութիւններուն:

 

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...