Ի՞նչ Գիտենք Հիւսիսային Բեւեռի Մասին

Հիւսիսային բեւեռի շրջանին մէջ ցամաք չկայ: Հոն միայն ծփացող սառոյց կայ:

Նոյնիսկ ամրան եղանակին հիւսիսային բեւեռին մէջ օդը ցուրտ է: Ջերմաստիճանը միշտ 0-ի շուրջ կ’ըլլայ:

Հիւսիսային բեւեռի մէջ տարին միայն մէկ անգամ արեւ կը ծագի եւ մէկ անգամ մայրամուտ կ’ըլլայ, որովհետեւ արեւը ամրան միշտ հորիզոնէն բարձր կ’ըլլայ , իսկ ձմրան հորիզոնէն վար:

Հիւսիսային բեւեռը քիչ մը աւելի տաք է, քան հարաւային բեւեռը: Տարբերութիւնը մօտաւորապէս 7 աստիճան է ամրան, իսկ 20 աստիճան ձմրան:

Հիւսիսային բեւեռը ամրան կրնայ ունենալ մինչեւ 24 ժամ անդադար լոյս, իսկ 24 ժամ մթութիւն ձմրան:

Հիւսիսային բեւեռը որեւէ երկրի չի պատկանիր:

Հիւսիսային բեւեռը երկրագունդին հիւսիսային ծայրն է, եւ կը գտնուի Արքթիք ովկիանոսին մէջ:

Երբ մէկու մը կողմնացոյցը հիւսիս ցոյց կու տայ, ան ոչ թէ հիւսիսային բեւեռը կը նշէ, այլ` երկրագունդին մագնիսական բեւեռը:

Դէպի հիւսիսային բեւեռ առաջին հետախուզական արշաւը կատարուած է՝ Նորվեկիացի Ուոլտ Ամունտսընի կողմէն 1921-ին: Ան օդանաւով մը թռած է հիւսիսային բեւեռի վրայ:

Գիտէի՞ր, որ կարելի է գիշեր մը անցընել հիւսիսային բեւեռին մօտ գտնուող  շուէտական Էուքասմարուի քաղաքին, սառոյցէ շինուած պանդոկի մը մէջ:

Հակառակ իր անունին` Նորթ Փոլ քաղաքը (հիւսիսային բեւեռ) հիւսիսային բեւեռին մօտ չի գտնուիր: Ան կը գտնուի Ալասքայի մէջ, հիւսիսային բեւեռէն մօտաւորապէս 2735 քմ. հեռու:

Ալասքայի Նոր Փոլ քաղաքին մէջ փողոցներու անուններէն կարելի է յիշել՝ Սանթա Քլոզ Լէյն, Սէյնթ Նիքոլաս Տրայվ եւ Հոլիտէյ Ռոտ:

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...