Քարիւղը կը յառաջանայ մեռած բոյսերու մնացորդներէն:
Անոնք կը նեխին եւ կը սուզուին ծովին յատակը, ուր կը թաղուին հողի հաստ նստուածքներու տակ: Որքան խորունկ թաղուին այդ նստուածքները, այնքան ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, եւ իւղանման հեղուկը եռալով կը զատուի օրկանական մնացորդներէն: Քարիւղը կը թափանցէ հանքերու թակտիկներէն եւ կը ներծծուի աւազաքարի կամ կրաքարի մէջ: Այնտեղ քարիւղը կը կուտակուի հանքերու մէջ: