Զերծ մնացէք ձեր դուստրը փոխելու փորձէն
Դեռահաս աղջկայ անհատականութիւնը փոխելու փորձը ծնողական սխալներէն մէկն է, եթէ ձեր
աղջիկը ոչ ընկերային տեսակն է չփորձէք համեմատել զինք քոյր-եղբայրներուն հետ, կամ փորձէք
փոխել զինք, կեդրոնացէք անոր դրական կողմերուն վրայ:
Դեռահաս ընկերները կրնան վատ ազդեցութիւն ունենալ անոր վրայ, ուստի անհրաժեշտ է, որ
ծնողները
փորձեն ծանօթանալ անոր ընկերներուն եւ մօտենալ անոնց: Քանի որ դեռահաս աղջիկը ամուր կապ
կը հաստատէ իր ընկերներուն հետ:
Ժամանակ յատկացուցէք ձեր դեռահաս աղջկան
Ծնողքը պէտք է որոշակի ժամանակ յատկացնէ անոնց հետ անցնելու համար: Ձեր դստեր հետ կրնաք
խօսիլ ձեր պատանեկութեան մասին, եւ ընտրել այնպիսի փորձառութիւններ եւ հարցեր, որոնց մասին
կարելի է խօսիլ:
Մօր խորհուրդները մեծ ազդեցութիւն ունին դեռահաս աղջկան վրայ: Մայրը ի վիճակի էաղջկան
խնդիրները լուծելու, բայց երբեմն պէտք է միայն լսողի դերի մէջ ըլլայ, միայն խորհուրդներով աջակցի,
եւ ժամանակ տալ, որ ան ինքնուրոյն լուծէ իր խնդիրները:
Կանոններ եւ սահմաններ դնել
Մայրը պէտք է որոշակի տնային պարտականութիւններ յանձնարարէ դեռահաս աղջկան, նոյնիսկ եթէ
ատիկա հաճելի չըլլայ իրեն, քանի որ աղջիկը ապագային երախտապարտ պիտի ըլլայ մօրը ՝ կանոններ
եւ սահմաններ դնելու հարցով:
Ապահով միջավայրի ստեղծում
Անհրաժեշտ է, որ ծնողքը ապահով միջավայր ստեղծէ իր դստեր համար, քանի որ դեռահասի փուլին մէջ
գտնուող աղջիկները ծնողներու փոխարէն՝ կը դիմեն իրենց ընկերներուն, հետեւաբար ծնողները պէտք
է պատշաճ միջավայր ստեղծեն պատանի դստեր համար, որ ան կարենայ հանգիստ արտայայտուիլ: