Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդի տօնին
Խաչուելէն եւ յարութիւն առնելէն առաջ, Յիսուս Քրիստոս վերջին անգամ գնաց Երուսաղէմ։
Քաղաք մտնող Յիբուսին ժողովուրդը դիմաւորեց մեծ ուրախութեամբ՝ որպէս Փրկիչի։ Շատեր անոր առջեւ ծառերու ճիւղեր եւ նոյնիսկ իրենց հագուստները կը փռէին։
Այս ձեւով մարդիկ կ’արտայայտէին իրենց սէրն ու հաւատքը Քրիստոսի նկատմամբ։
Ահա այս իրադարձութեան նուիրուած է Ծաղկազարդի տօնը։ Ծաղկազարդը Հայոց եկեղեցւոյ շարժական տօներէն է՝ կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Կիրակի օրը։
Տօնակատարութեան անունը եւ օրը կը համընկնի ծառերը ծաղկելուն, անկա միացած է Յիսուսի՝ Երուսաղէմ մտնելու, քիրստոնէական տօնին եւ եկեղեցական տօնացոյց դարձած է Ծաղկազարդ անունով։
Ծաղկազարդի օրը եկեղեցւոյ մէջ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգ կը կատարուի, երեխաները եկեղեցի կ’երթան՝ ծաղիկներով զարդարուած մոմեր բռնած եւ կը ստանան Աստուծոյ օրհնութիւնը։