Պտղաբուծութիւնը բուսաբուծութեան հնագոյն ճիւղերէն մէկն է: Կ’ենթադրուի, որ խնձորենին, տանձենին, սալորենին, դեղձենին, ծիրանենին եւ նռնենին կը մշակուէին աւելի քան 4 հազար տարի առաջ:
Պահպանուած են Բաբելոնի եւ Ասորեստանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի, Ղրիմի այգիներու նկարագրութիւնները:
Միջնադարուն պտղաբուծութեամբ զբաղած են Արեւմտեան Եւրոպայի երկրներու մէջ, յատկապէս՝ Ֆրանսայի մէջ:
Հայաստան նոյնպէս պտղաբուծութեան հնագոյն երկիր է: Արմաւիրի, Շէնգաւիթի, Գառնիի մէջ յայտնաբերուած են 3-6 հազար տարուան վաղեմութեան ծիրանենիի, դեղձենիի, սալորենիի, որթատունկի սերմեր:
Համաշխարհային ճանաչում ունին ծիրանն ու դեղձը, որոնք յայտնի են նաեւ որպէս հայկական պտուղներ: Աշխարհի մէջ կ’աճեցնեն մօտ 350 տեսակի պտղատու բոյս, որմէ մօտ 100-ը ունի արտադրական նշանակութիւն: Ամենամեծ մակերեսներով պտղատու տնկարկները կը գտնուին Չինաստանի, ԱՄՆ-ի, Հնդկաստանի, Արժանթինի եւ եւրոպական երկրներու մէջ:
Այսօր Հայաստանի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի պտուղներու եւ հատապտուղներու արտադրութեան, ինչպէս ներքին շուկայի պահանջները բաւարարելու, այնպէս ալ թարմ ու վերամշակուած վիճակի մէջ արտահանելու նպատակով: