Ինչպէս որ 1918-ին, Հայաստանի անկախութեան կերտիչները որոշեցին, բազմադարեան գերութենէ եւ պետականութիւնը կորսնցուցած եւ աշխարհի ազգերու մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իր արժանի տեղը գտած հայ ժողովուրդը իր ողջ կեանքի փորձը խտացուց ազգային-պետական մեր դրօշի երեք գոյներուն մէջ.
- Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար։
- Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի տակ։
- Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը։