Հայերը միակ ժողովուրդն են, որոնց ծագումն ու կազմաւորումը տեղի ունեցած է հայկական լեռնաշխարհի մէջ։
Հետեւաբար միայն մենք ենք հայկական լեռնաշխարհի բնիկ տէրերն ու ժառանգորդները։
-Հայկական Լեռնաշխարհը-
Հայերու ծագման մասին կան աւանդազրոյցներ պահպանուած ոչ միայն հայ մատենագիրներու գրած էջերուն մէջ, այլեւ եբրայական, արաբական, վրացական, յունական, պարսկական աղբիւրներուն մէջ։
Աւանդազրոյցներուն մէջ ամենահինն ու արժէքաւորը հայկականն է, որ մեզի հասած է Մովսէս Խորենացիի շնորհիւ եւ պատմութեան մէջ մնացած է «Հայկ եւ Բէլ» առասպել անունով։
Հայկ առաջին աստուածներու որդիներէն էր։ Հնագոյն աղբիւրները կը փաստեն, որ Հայկի հայրը տիեզերական ջուրերու Աստուած ՀԱՅԱՆ էր։
-Հայա աստուծոյ պաշտամունքը-
Բաբելոնի մէջ ձախողած աշտարակաշինութենէն ետք, բռնակալ Բէլ ինքզինք կը յայտարարէ արքայ եւ կը բռնանայ բոլորի վրայ։
-Բաբելոնի աշտարակաշինութիւնը-
Հայկ, չի հնազանդիր անոր, ան իր որդիներուն, դուստրերուն եւ թոռնիկներուն հետ բնակութիւն կը հաստատէ Արարադի երկրի մէջ։
-Արարադի երկիր-
Բէլը, իմանալով այս մասին, կը պահանջէ անոնցմէ հնազանդիլ իրեն։
Սակայն Հայկ կը մերժէ։ Զայրացած Բէլ զօրքով կը շարժի դէպի Հայկի երկիր։ Հայկ կը հաւաքէ իր քաջորդիները։ Երկու կողմերուն միջեւ կը սկսի ահեղ կռիւը։
Քաջերը կ’իյնան եւ կը լսուի ահաւոր դղրդիւն։ Մարտի ընթացքէն սարսափած Բէլ կ’որոշէ իջնել բլուրէն ու պահուըտիլ զօրքին մէջ։
Ատիկա տեսնելով՝ աղեղնաւոր Հայկ վրայ կը հասնի, կը քաշէ իր լայնալիճ աղեղը եւ երեքթեւեան նետով կը խոցէ վախկոտ Բէլը։ Բէլ կը տապալի, իսկ զօրքը փախուստի կը դիմէ։
-Հայկ եւ ԲԷԼ-
Ճակատամարտի յաղթանակին առիթով կռուի դաշտին մէջ Հայկ կը հիմնէ Հայք դաստակերտը։ Հայկի անունով մեր երկիրը կը կոչուի Հայք, Հայաստան, իսկ մենք ՀԱՅ։
9–11-րդ դարերուն, վրաց հեղինակներու կողմէ գրի առնուած Վրացական աւանդազրոյցին համաձայն Թորգոմի որդի Հայսոէն յառաջացած են հայերը, Քարթլոսէն՝ վրացիները, իսկ միւս 6 որդիներէն յառաջացած են կովկասեան միւս ժողովուրդները։
-Թորգոմը իր 8 որդիներուն հետ-
Հայերու ծագման մասին յունական աւանդազրոյցը կը կապուի Հին Յունաստանի մէջ յայտնի արգոնաւորդներու աւանդութեան հետ։ Եասոնը եւ մնացած արգոնաւորդները իրենց Արգոն նաւով կ’ուղեւորուին Կոլխիդա, ուր կը փորձեն գտնել անմահութեան եւ յաւէրժութեան խորհրդանիշ ոսկէ գեղմը։
-Արգոնաuորու ժամանումը- -Կոլխիդա-
Արգոնաւորդներէն մէկը՝ Արմէնոսը, որ Յունաստանի Արմէնիոն քաղաքէն էր, մնացած արգոնաւորդներուն հետ միասին չի վերադառնար Յունաստան,
այլ կը մնայ Հայկական բարձրաւանդակի մէջ, ուր ստեղծուած պետութիւնն ալ անոր անունով կը կոչուի «Արմէնիա», իսկ այդ երկրի բնակիչները՝ «արմէններ»։
-Եասոնը եւ ոսկէ գեղմը–
Բազմադարեան հարուստ մշակոյթ ու անցեալ ունեցող հայ ժողովուրդը ապրած է, կ’ապրի ու պէտք է ապրի իր մայր հայրենիքին մէջ։
-Մարդկութեան տոհմածառ, որ սկիզբ կ’առնէ Արարատի լեռներէն-
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝
Մանէ Խաչատրեան
Բառեր
բնիկ=տեղացի
զրոյց=խօսակցութիւն
մատենագիր=հին ժամանակներու ձեռագիր գիրք գրող
առասպել=շինծու պատմութիւն
տիեզերական=ամբողջ տիեզերքի, ողջ աշխարհի
դուստր= աղջիկ զաւակ
Արարադի երկիր=աշխարհ Մեծ Հայքի մէջ,աշխարհագրական դիրքը անորոշ
ահեղ =վախնալիք
դղրդիւն=մեծ աղմուկ
աղեղնաւոր=աղեղով կռուող մարտիկ
լայնալիճ=լայն ձգուող
խոցել=վիրաւորել
տապալիլ=գետին իյնալ
դաստակերտ=ձեռքով շինուած
գեղմ =Բրդոտ մորթ (ոչխարի)
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Բ.