ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔԸ

Վարդան տասնչորս տարեկան ընթերցասէր պատանի մըն էր, սակայն վերջին շրջանին սկսած էր այլ զբաղումներ նախընտրել։ Շաբաթ օր մը, երբ զբաղած էր համակարգիչի վրայ խաղ խաղալով, մայրը՝ գրքոյկ մը ձեռքը, մօտեցաւ իրեն եւ խնդրեց, որ անպայման կարդայ զայն։ Վարդան սկիզբը չկամութիւն* ցուցաբերեց, սակայն մօրը ստիպումին վրայ սկսաւ կարդալ։
Գիրքը տղու մը պատմութիւնն էր, որ ապրած եւ դաստիարակուած էր որբանոցի մը մէջ։ Վարդան այնքան հաւնեցաւ գիրքը, որ ամբողջ գիշեր չկրցաւ ձեռքէն ձգել։ Ան խորապէս տպաւորուեցաւ գիրքին հերոսին դիմագրաւած* դժուարութիւններէն եւ ինքնաբերաբար սկսաւ բաղդատել իր կեանքը անոր կեանքին հետ։ Վարդան անդրադարձաւ, որ ինք որքա՜ն բախտաւոր էր. կ’ապրէր մօր եւ հօր հովանիին* ներքեւ, որոնք կը սիրէին զինք ու կը գուրգուրային իր վրայ եւ կը փորձէին գոհացնել իր բոլոր փափաքները, մինչ ինք աննշան պատճառներով կը վիճաբանէր ծնողքին հետ եւ չէր գնահատեր անոնց անսահման զոհողութիւնները։ Ուստի Վարդան որոշեց իր ընթացքը փոխել ծնողքին հանդէպ։


Արեւածագին, Վարդան խոհանոց երթալով սկսաւ նախաճաշ պատրաստել իր սիրելի ծնողքին համար։ Մայրը երբ խոհանոց մտաւ եւ տեսաւ Վարդանին պատրաստած նախաճաշը, զարմացած հարցուց.

– Տղա՛ս, Կիրակի օրով ինչո՞ւ կանուխ արթնցեր ես եւ ի՞նչ պատրաստեր ես։
Վարդան մօրը փաթթուելով համբոյր մը դրոշմեց անոր այտին եւ ըսաւ.

– Փափաքեցայ քեզի եւ հայրիկիս անակնկալ մը ընել եւ ձեզմէ ներողութիւն խնդրել, որ յաճախ ձեզ նեղացուցած եմ եւ ձեր պատուէրներուն անհնազանդ գտնուած եմ։ Այսօրուընէ սկսեալ տարբեր Վարդան մը պիտի տեսնէք. հնազանդ ու քաղաքավար պիտի ըլլամ եւ պիտի գնահատեմ ձեր ըրած զոհողութիւնները։ Մայրը ուրախացած ըսաւ.
– Տղա՛ս, խօսքերդ երջանկացուցին զիս, վստահ եմ, որ պիտի յարգես խոստումդ եւ պիտի ըլլաս օրինակելի զաւակ մը։ Հպարտ եմ քեզմով։

Դուք եւս սիրելի՛ մանուկներ եւ պատանիներ, յուսամ կը հետեւիք Վարդանին օրինակին եւ կը գնահատէք ձեր ծնողքին զոհողութիւնները եւ կը փորձէք օրինակելի զաւակներ ըլլալ։

աղբիւր՝ Փթիթ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...