Նկարի հեղինակ Ռուբիկ Քոչարեն
Մեծն Տիգրան Արտաւազդի թոռնիկն էր: Իր հայրը պատերազմ ըրաւ Պարթեւներու դէմ եւ պարտուեցաւ ու շատ հողեր կորսնցուց: Պարթեւները փոքրիկ Տիգրանին պատանդ տարին, որպէսզի թոյլ չտան որ հայրը նորէն պատերազմ ընէ:
Երբ հայրը Քրիստոսէ առաջ իննըսունհինգ տարի առաջ մեռաւ, հայերը Պարթեւներէն խնդրեցին որ Տիգրանին Հայաստան ղրկեն: Եկաւ Հայաստան եւ թագաւոր եղաւ:
Տիգրան քովը կանչեց Հայաստանի բոլոր երիտասարդները, անոնցմով մեծ բանակ կազմեց եւ սորվեցուց լաւ կռուիլ: Պարթեւներուն դէմ պատերազմեցաւ, յաղթեց անոնց եւ ետ առաւ մեր հողերը:
Տիգրան այնքան զօրացաւ որ սկսաւ մեծցնել Հայաստանը: Իր ժամանակ Հայաստան դարձաւ մեծ կայսրութիւն եւ անոր սահմանները հասան մինչեւ Երուսաղէմ: Ան հիմը դրաւ մեծ քաղաքի մը, որ իր անունով կոչուեցաւ Տիգրանակերտ: