Սանասար եւ Պաղտասար-Սասունի Կառուցումը

Շատ, շատ տարիներ առաջ կապրէին երկու եղբայրներ՝Սանասար եւ Պաղտասար։ Սանասար մեծ եղբայրն էր, Պաղտասար՝ փոքրը։ Անոնք շատ կը սիրէին զիրար։ Ուզեցինբարձր բերդ մը կառուցել Հայաստանի մէջ։ Շատ տեղերշրջեցան եւ վերջապէս հասան բարձր ու լեռնային տեղ մը։Այնտեղ, ձորին մէջ գետ մը կանցնէր, իսկ քիչ մը անդին, վերէնկու գար բարակ առու մը, որ ուժգին կը թափէր այդ գետին մէջ։Երկու եղբայրները տեսնելով այս առուի ուժը շատ զարմացան։Սանասար ըսաւ Պաղտասարին. –Ով որ գտնէ այս բարակառուին ակը եւ խմէ անկէ շատ  զօրաւոր կըլլայ։

Երկու եղբայրները բարձրացան լեռ, ուրկէ կիջնէր առուն։Մարդ մարդասանք չկար հոն։ Հասան ակին մօտ եւ կուշտ ուկուռ խմեցին անոր ջուրէն։ Երբ որ խմեցին, յանկարծ անոնցաչքերը լուսաւորուեցան զօրաւոր լոյսով մը եւ մեծ ուժ մը եկաւանոնց վրայ։ Երկու եղբայրները ակին ջուրը խմելէն ետք, դարձան անյաղթելի հսկաներ։ Սանասար ըսաւՊաղտասարին. –Եղբայր, մեր շէնքը պէտք է շինենք , այս ակինքով։ Պաղտասար համաձայնեցաւ։

Երկու եղբայրները անմիջապէս կառուցեցին բերդը՝ հսկայ ուբազմաթիւ սիւներով։

Սքանչելի շատ բարձր ու գեղեցիկ բերդ մը եղաւ, լերանկատարին եւ ակին քով։ Այն ատեն Պաղտասար ըսաւՍանասարին. –Եղբայր, լուր տանք Մելքոն թագաւորին, թողգայ եւ անուն մը դնէ մեր բերդին։ Մելքոն թագաւոր եկաւտեսաւ բերդը, հիացաւ եւ ուզեց բերդի մեծ դռնէն ներս  մտնել։

Սանասար ըսաւ անոր. –Ո՜վ թագաւոր, նախ անուն մը դիրբերդին յետոյ ներս մտիր։ Մելքոն թագաւոր, նայեցաւ բերդին, տեսաւ բազմաթիւ սիւներ եւ ըսաւ. –Սա Սիւն է։ Այդ օրէնբերդին անունը մնաց Սասուն, իսկ Սանասար եղաւ Սասունիիշխանը։

 Եկէ՛ք պատասխանենք

Հ-Երկու եղբայրները ինչ կ՛ուզէին պատել

Պ-Եղբայրները կ՛ուզէին Հայաստանի մէջ բարձր բերդ մըկառուցել:

Հ-Ի՞նչ եղաւ երբ եղբայրները ակէն ջուր խմեցին

Պ- Երբ եղբայրները ակէն ջուր խմեցին յանկարծ անոնց աչքերըլուսաւորուեցան զօրաւոր լոյսով մը, եւ մեծ ուժ մը եկաւ անոնցվրայ, ջուրը խմելէն ետք անոնք դարձան անյաղթելի հսկաներ:

Հ-Եղբայրները ինչպիսի՞ բերդ մը կառուցեցին

Պ-Եղբայրները կառուցեցին հսկայ բերդ մը, որ ունէր բազմաթիւսիւներ:

Հ-Ի՞նչ ըսաւ Մելքոն թագաւոր երբ տեսաւ բերդը

Պ-Մելքոն թագաւոր երբ տեսաւ բազմաթիւ սիւներ ունեցողբերդը ըսաւ,-սա Սիւն է, այդ օրէն բերդին անունը մնացՍասուն:

Հ-Ո՞վ եղաւ Սասունի իշխանը

Պ-Սանասար եղաւ Սասունի իշխանը:

Խաղ

Բառեր

Բերդ=ամրոց

Ձոր=հովիտ, երկու լեռներու միջեւ ինկած նեղ տարածութիւն

Առու=գետակ

Ակ=աղբիւր

Անյաղթելի=անպարտելի

Բազմաթիւ=շատ

Սիւն=կոթող, յենարան

Կատար=գագաթ

Հիանալ=սքանչանալ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...