Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 37 քմ հիւսիս, Սխտորաշէն գիւղի մօտակայքին, իր ամուր արմատներով կանգուն կը մնայ հսկայ սօսենին՝ (Տնջրին) 54 մեթր բարձրութեամբ ու 27 մեթր շառաւղով:
Ծառը տնկած է Տիգրան Մեծը, եւս 15 նահանգներու մէջ ան տնկած է ծառեր, որոնք չորցած կամ չեն դիմացած ժամանակի փորձութիւններուն:
Ծառը ուխտատեղի է ոչ միայն արցախցիներու այլեւ աշխարհի ամենատարբեր անկիւններու մէջ գտնուող հայ եւ օտարերկեայ զբօսաշրջիկներու համար: Ծառի մօտ կը բխի սառնորակ աղբիւր, որ դարեր շարունակ ջրած է ծառը:
Ծառը կը համարուի աշխարհի ամենատարեց ծառերէն մէկը, որ իր փչակին մէջ 100 մարդ հիւրընկալելու տեղ ունի:»
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը 2018-ի ամրան այցի գնաց Տնջրի ծառ եւ տեսաւ, որ ծառին վրայ կան մարդոց փորագրութիւններ, որոնց հետեւանքով վնասուած են ծառի ճիւղերը: Շատերը ծառի փչակին մէջ մոմեր վառած են, որոնց հետեւանքով հրդեհներ յառաջացած են:
Ուստի իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի խնամքով ու հոգատարութեամբ վերաբերիլ որեւէ մշակութային արժէքի հետ:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան