Քարերու Սիմֆոնիա. Հայաստանի Բնաշխարհը

Հայաստանի Կոտայքի մարզի մէջ, Գառնի գիւղէն ոչ հեռու, կը գտնուի Ազատի կիրճը, որուն երկայնքով կ’անցնի հրաբխային հոսքերու հետեւանքով յառաջացած «Քարերու սիմֆոնիան»: Պազալտէ երգեհոն Սիմֆոնիան կը ներկայանայ հսկայ  հնգանկիւն եւ վեցանկիւն պազալտէ  սիւներով որոնք զարմանալի համաչափութեան պատճառով  ձեռակերտ կը թուին:

Բնութեան կողմէն կերտուած, գետի վրայ կախուած այդ սիւներուն շարանը կը յիշեցնէ  երաժշտական գործիք` «Պազալտէ երգեհոն»:

Կիրճով կը հոսի Ազատ գետը, քարէ շքեղութիւնը լրացնելով ջուրի աղմուկով:

Բարձրութիւնը ծովի մակարդակէն 1270-1375 մ. է:

Բնական յուշարձանը  ընդգրկուած է ՀՀ բնութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ:

«Բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներուն մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 19-րդ յօդուածի համաձայն յուշարձանի եւ անոր պահպանման գօտիի տարածքին արգիլուած են`

• Ժայռամագլցումը, արկածային զբօսաշրջութիւնը.

• նմուշներ վերցնելը.

• ծառերու եւ թուփերու հատումները.

Կը թոյլատրուի՝

• քաղաքացիներու հանգիստը.

• գիտական ուսումնասիրութիւնները.

• ճանաչողական զբօսաշրջութեան կազմակերպումը.

 

Նիւթը Հայկաշխարհի համար պատրաստեց՝

Նարէ Մուրատեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...