Աւարայրի Ճակատամարտը- Տեսանիւթ

 

448 թուականին, պարսիկներու

արքայ Յազկերտ Բ. Հայ ժողովուրդը

կրօնափոխելու հրովարտակ մը

ուղարկեց Հայաստան:

Պարսիկներու նպատակն էր՝

վերացնել Հայաստանը եւ

հայ ժողովուրդը ձուլել պարսիկ ազգին հետ:

Հայերը մերժեցին կրօնափոխ ըլլալ եւ ի վերջոյ

որոշեցին ապստամբիլ պարսիկներուն դէմ:

451 թուականին 66,000 հայեր հաւաքուեցան ու

մեծ բանակ մը կազմեցին։

Հայոց բանակը գլխաւորեց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան։

Պարսիկներու Յազկերտ Բ. թագաւոր 300 հազար զինուորներով

բանակ մը կազմեց եւ ընդհանուր հրամանատար նշանակեց Մուշկան Նիւսալաւուրտը։

Աւարայրի հերոսամարտին նախընթաց գիշերը, Ղեւոնդ Երէց օրհնեց հայ զինուորնեը,

արեւածագէն առաջ, բոլորը սուրբ հաղորդութիւն առին, ուխտեցին քրիստոնեայ մնալ

եւ հաւատացին, որ իրենց հաւատքը զիրենք պիտի փրկէ ։

Վարդան Մամիկոնեան դասաւորեց իր բանակը, ոգեւորեց իր ճառով ու ըսաւ ,

«…եթէ հասած է ժամանակը մեր կեանքը սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմի,

մահը ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնէք…»։

Պատերազմական շեփորը հնչեց։

Յարձակումը սկսաւ հայոց զօրքը. Աւարայր գիւղին մէջ, Տղմուտ գետի ափին,

հայկական հզօր բանակը յարձակեցաւ պարսկական բանակին վրայ եւ ցիր ու ցան ըրաւ զայն։

Պարսկական գունդը նախ նահանջեց, բայց յետոյ վերադասաւորելով իր ուժերը՝

շրջապատեց հայոց սպարապետի զօրամասը եւ կատաղի կռիւ սկսաւ:

Քաջարի մահով ինկան Վարդան Մամիկոնեան, որ քաջաբար կռուեցաւ

«Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ ամահութիւն…» կարգախօսով։

Հայկական կողմը 1036 զոհ ունեցաւ, իսկ պարսիկները եռապատիկ զոհ տուին՝

3544 զինուորներ ու զօրավարներ։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ, Յազկերտ Բ. թագաւոր ստիպուած ետ կանչեց իր

բանակը եւ հայերը սիրաշահելու համար արտօնեց, որ անոնք մնան քրիստոնեայ։

Աւարայրի ճակատամարտին յաղթեց հայ ժողովուրդի կամքն ու քրիստոնէական հաւատքը։

Հայոց եկեղեցին սրբացուց Աւարայրին զոհուած մարտիկները եւ անուանեց

«Վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց նահատակներ»։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...