Հայաստանը միակ երկիրն է, որ ունի Թարգմանիչներու տօն

Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ

Հայաստանը միակ երկիրն է, որ ունի Թարգմանիչներու տօն:

Թարգմանիչներու շնորհիւ հայ ազգը ունեցաւ իր հայաբարբառ Աստուածաշունչը, կերտեց իր ինքնութիւնը եւ իր յայտնի տեղն ու դերը ունեցաւ  համաշխարհային մշակոյթին մէջ:
Ս. Թարգմանիչներու շնորհիւ հայ ազգը ունեցաւ հարուստ հոգեւոր ժառանգութիւն` շարականներ, ծիսական, աստուածաբանական գրականութիւն:

Ծաղկեցաւ հայու հանճարը, որուն գագաթներն են` Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Ս. Գրիգոր Տաթեւացի եւ այլք:

Հայոց այբուբենը պահպանեց հայ ազգը օտար յարձակումներէն, ձուլման վտանգէն: Աշխարհի բոլոր ծայրերու մէջ հայերը պահպանած են  հայ մշակոյթը եւ օտարներուն հաղորդակից դարձուցան Աստուածային այդ պարգեւներուն:

Հայ բժշկապետերը իրենց բժշկարաններուն մէջ կը յիշեն յոյն, արաբ եւ այլ ազգի բժշկապետերու անուններ, որոնց գործերը ի սպառ կորսուած են պատմութեան թոհուբոհի մէջ: Եւ միայն հայկական գրաբարեան աղբիւրներու միջոցով հնարաւոր է վերականգնել բնագրերը:

Հին ազգերու երաժշտական մտածողութեան լաւագոյն արգասիքը ամբարուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ հայ շարականագիտութեան մէջ:

Անանիա Շիրակացիի միջոցով կամուրջ ստեղծուեցաւ ճշգրիտ գիտութիւններու համաշխարհային ձեռքբերումներու եւ տիեզերագիտական ստեղծագործութիւններու միջեւ:

Երբ անգլերէն եւ այլ լեզուներով թարգմանուեցաւ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութիւն» պոէմը, մարդկութիւնը յայտարարեց. «Ան բոլոր ժամանակներու աղօթողն ու բանաստեղծն է»:

Պատահական չէ, որ ուշ միջնադարուն Մաշտոցեան աստուածաշնչեան թարգմանութիւնը որպէս համեմատական գնահատական այլ թարգմանութիւններու հետ համարուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:

Հայոց տառերու` այբուբենի ստեղծումը, կը հովանաւորուէր Վռամշապուհ արքայի կողմէն` օրհնութեամբ Հայոց կաթողիկոսի եւ տքնաջան աշխատութեամբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի եւ Աստուծոյ նախախնամութեամբ:

Ինչպէս քրիստոնէութիւնը հրաշքով հաստատուեցաւ Հայոց աշխարհի մէջ, այնպէս ալ հայերէն տառերը հրաշքով տրուեցան հայ ժողովուրդին:
Թարգմանուեցաւ առաջին նախադասութիւնը

Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ (ճանչնալ իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի գործերը):

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...