ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ
Դաստիարակն է:- Կը խօսի ծանր, յըստակ.
Ձայնն աստղերէն, լոյսին կու գայ,
Բառը կ՛ելլէ, թըռիչներուն վրայ հուր կայ.
Զայն կ՛արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք:
Թոք կը սպառէ, միտք կը լըլկէ, շունչ կու տայ,
Եւ չի խորհիր իր վէրքերուն,
Մանկութեան դէմ դըրած ամբողջ ծերութիւնն`
Կը բաժնէ իր ծովը բազում լըճի վրայ…
Վըսե՜մ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,
Ըզգուշաւոր հըպումներով`
Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով.
Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու:
Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց
Կը զետեղէ ճառագայթներ,
Եւ կը լեցնէ խաւերն անոր` բարեբեր
Իր գիտութիւնն Աստուծոյ մէ՜ջ ամփոփած:
Եւ հաւաքած ամանին շուրջն իր սըրտին
Մանկան շըրթներ` որք կը ծըծեն,
Կը բաշխէ, հեզ, անոնց արիւն արիւնէն.-
Այդ իր կեանքն է` որ կ՛անցընէ ուրիշին:
Եւ այսպէս օր մ՛երբոր ըլլայ զոհ մը ծեր,
Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք:
Պիտ՛ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք`
Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ՛ապրի՜ դեռ:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ