24
Jan

Պատանի Հայրենադարձը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի Առաջին Թղթակիցն է

Հայբերդ Թադեւոսեանը 16 տարեկան է։ Ան, 2008 թուականին, իր ծնողներուն հետ Իրանէն տեղափոխուած է Հայաստան, առաջին հինգ տարին յաճախած է Երեւանի պարսկական դպրոց, ապա Կուբալեան հայկական վարժարան, իսկ այժմ կը յաճախէ շինարարական Քոլէճը եւ իր խումբի առաջնակարգն է։

«Ես մեքենաներ շատ կը սիրեմ, կը սիրեմ նաեւ նկարահանել մեքենաներու ընթացքը, երկու տարի շարունակ մտածեցի թէ ի՞նչ մասնագիտութիւն պէտք է ընտրել, վերջապէս մեքենայի հանդէպ սէրս զիս կողմնորոշեց մասնագիտանալ ա՛յդ ճիւղով. այժմ  կը յաճախեմ մեքենաշինութեան գծով քոլէճ՝ յետագային համալսարան ընդունուելու համար»,- կ’ըսէ Հայբերդը։

Պատանի հայրենադարձին սէրը մեքենաներու նկատմամբ նաեւ զինք բերաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ։ Տպաւորիչ էր կայքին մասին անոր արձագանգը,- «Ափսոս որ արդէն մեծ եմ», սակայն ան դարձաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի առաջին թղթակիցը եւ մեքենաներուն նկատմամբ իր սէրն ու հմտութիւնները ի սպաս դրաւ կայքի ընթերցողներուն՝ պատրաստելով նիւթեր եւ նկարահանելով տեսանիւթեր։

ՅԱՏՈՒԿ ՄԵՔԵՆԱՅ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ. MERCEDES-BENZ G AMG (ՏԵՍԱՆԻՒԹ)

ՅԱՏՈՒԿ ՄԵՔԵՆԱՅ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ RANGE ROVER SPORT SVR. ՏԵՍԱՆԻՒԹ

ՅԱՏՈՒԿ ՄԵՔԵՆԱՅ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒՆ. ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ DRIFT-Ը (ՏԵՍԱՆԻՒԹ)

Հայբերդը կը սիրէ նաեւ ջրագնդակ, կը սիրէ հայկական ժողովրդական երգերը։ Ան հայերէն, պարսկերէն եւ ռուսերէն լեզուներէն բացի այժմ կը խորացնէ իր անգլերէնի իմացութիւնը եւ կը սորվի գերմաներէն։ Ընկերներ ունի աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ Իրանէն, Անգլիայէն, Ամերիկայէն նաեւ Հայաստանէն։ Անոնք ամրան Հայաստան կու գան եւ իրարու հետ լաւ ժամանակ կ’անցնեն։

Հայրենիքը Հայբերդի համար իր ընկերներն են, իր ընտանիքը, իր տունն ու ապագան։ Հայրենիքը իրեն համար նաեւ ազատութիւն է, որ չկար իր ծննդավայրին մէջ, նոյնը կը վկայեն նաեւ Սփիւռքէն Հայաստան եկած Հայբերդի ընկերները, որոնք ցաւով կը վերադառնան եւ միշտ կարօտով կը յիշեն Հայաստանը։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...