25
Jan
Երիտասարդ Հայրենադարձը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի Առաջին Լրագրողը
Արփի Պետրոսեան, այժմ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժնի երրորդ կարգի ուսանող է, Հայաստան տեսափոխուած է Իրաքէն, երբ դեռ 5 տարեկան էր։
Արփիին համար երազանք եղած է Երեւանի Պետական Համալսարան յաճախելը, իսկ լրագրութեան հանդէպ իր սէրը փոխանցուած է մօրմէն։
Արփին գիտէ Քանոն նուագել, Ֆութպոլի եւ հայրենասիրական ու ժողովրդական երգերու սիրահար է, տան մէջ արեւմտահայերէն կը խօսին, տունէն դուրս արեւելահայերէն։
Արփին մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի հետ համագործակցիլ եւ դառնալ կայքի «Պատանի հայրենադարձներ» նոր բաժնի լրագրողը։ Ան հարցազրոյցներ պիտի կազմակերպէ եւ նիւթեր պատրաստէ պատանի հայրենադարձներու մասին։
Տեսանիւթ Արփիի մասին5