29
Jan

Ես Ինքզինքս Այլ Երկրի Մէջ Չեմ Պատկերացներ. Հայրենադարձ Մարալ Մանուկեան

Հայրենադարձ 15 ամեայ պարմանուհի Մարալ Մանուկեան Հայաստան տեղափոխուած է Իրաքէն՝ 5 տարեկան հասակին։ Ան շատ բան չի յիշեր իր ծննդավայրի մասին. անոր յիշողութեան մէջ տպաւորուած են միայն իրենց տունն ու բարեկամները, ինչպէս նաեւ պատերազմի ժամանակ  իրենց դրացիի տան վրայ իյնկած ռումբն ու անոնց վախը:

«Շատ ուրախ եմ, որ տեղափոխուած ենք Հայրենիք, այստեղ ինծի համար ամէն ինչ շատ հարազատ է եւ ինքզինքս ապահով կը զգամ». կ’ըսէ Մարալը:

Դպրոցին զուգահեռ Մարալը կը յաճախէ նաեւ երաժշտական դպրոց, ան քանոն կը նուագէ, «Փոքրիկ գոհարներ» նուագախումբի անդամ եղած է ու մասնակցած բազում մրցոյթներու: Մասնակցած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն  կազմակերպուած ձեռնարկին:

Հայրենադարձ մեր զրուցակիցը կը նշէ, որ ինք իր շրջապատի կողմէն երբեք վատ վերաբերումի չէ արժանացած. «Դպրոցի կամ այլ վայրի մէջ երբեք տարբերութիւն չեն դրած իմ եւ տեղաբնիկներուն միջեւ, եթէ եղած է ուրեմն միայն լաւ տեսանկիւնէն, տնօրէնը, ուսուցիչներս միշտ շատ ուշադիր եղած են ինծ հանդէպ»: Շատերը անոր խորհուրդ կու տան աւելի մեծ տարիքին, եթէ հնարաւորութիւն ունենայ աշխատանքի կամ ուսման համար տեղափոխուի այլ երկիր, սակայն Մարալը կը պատասխանէ,- «Ես այստեղ շատ կը սիրեմ եւ չեմ ուզեր երթալ, ինքզինքս ուրիշ երկրի եւ միջավայրի մէջ չեմ պատկերացներ»:

Հայրենադարձ պարմանուհին ընտանիքի միակ զաւակը չէ՝ ան ունի փոքր քոյր եւ եղբայր, որոնք նոյնպէս կը կիսեն անոր կարծիքը: Դպրոցի մէջ ամենադժուարը իրեն համար ռուսերենն է, ան յաճախ կը դիմէ ընկերուհիներու օգնութեան, իսկ անոր ամենասիրելի առականերէն մէկը անգլերէնն է:

Հակառակ անոր, որ Մարալ շատ փոքր տարիքին Իրաքէն տեղափոխուած է Հայաստան, սակայն քիչ մը կը հասկնայ եւ կը կարդայ նաեւ արաբերէն: Տունէն ներս Մարալը ընտանիքի անդամներուն հետ  արեւմտահայերէն կը խօսի, իսկ տունէն դուրս՝ ընկերներուն հետ՝ արեւելահայերէն:

Մարալը որոշած է նաեւ իր մասնագիտութիւնը՝ ան այս տարի սկսած է յաճախել Երեւանի տարածաշրջանային թիւ 1 պետական քոլէճի բեմադրութեան բաժինը: Ան ապագայ բեմադրիչ է։

Նիւթը պատրաստեց

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի լրագրող՝ Արփի Պետրոսեան

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...