Հայաստանը Շատ կը Սիրեմ եւ Չեմ Ուզեր Այստեղէն Երթալ. Հայրենադարձ Սօսէ Ղազէլեան
7-ամեայ Սօսէ Ղազէլեանի 2014 թուականին ծնողներուն հետ Քուէյթէն հայրենադարձուած է Հայաստան:
Սօսէն ոչինչ չի յիշեր իր ծննդավայրի մասին, միայն գիտէ, որ տատիկն ու պապիկը այնտեղ կ’ապրին:
Հայաստանի մէջ յաճախած է մանկապարտէզ, այժմ «Յակոբ Կարապենց»-ի անուան դպրոցի 2-րդ դասարանի աշակերտուհի է, ունի նախընտրելի առարկաներ.«կը սիրեմ թուաբանութիւնը, հայոց լեզուն, ռուսերէնն ու ճատրակը»: Շատ ընկերներ ունի, որոնց հետ կ’անցնէ օրուան մեծ մասը:
Սօսէի մայրիկը կ’ըսէ, որ ան լեզուի խնդիր չէ ունեցած, քանի որ շատ փոքր հասակէն եկած է ու ամէն ինչ այստեղ սկսած: Մեպ հայրենադարձ փոքրիկը տան մէջ եւ հարազատներուն հետ կը խօսի արեւմտահայերէն, իսկ դպրոցէն ներս եւ ընկերներուն հետ՝ արեւելահայերէն:
Դպրոցին զուգահեռ Սօսէն նաեւ «Փունջ» պարախումբի անդամ է եւ կը մասնակցի տարբեր ձեռնարկներու:
Սօսէն այցելած է Հայաստանի տարբեր վայրեր.« Շատ տեղեր գացած ենք, բայց շատ սիրած եմ Ծաղկաձորն ու Ջերմուկը, Հայաստանը շատ կը սիրեմ եւ չեմ ուզեր այստեղէն երթալ»:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց
Արփի Պետրոսեան