16
Mar
Գիւմրեցի Աշակերտուհին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Լոնտոնի Մէջ
Այս տարի Մայիսին Լոնտոնի մէջ պիտի նշուի «Միջազգային հրապարակախօսութեան մրցոյթի» 38-ամեակը։ Սա համաշխարհային ամենամեծ հրապարակախօսութեան մրցոյթն է, որ կը նպաստէ մօտ 50 տարբեր երկրներէ ժամանած մասնակիցներու մշակութային երկխօսութեան ու մրցակցութեան։
Օրերս կայացաւ «Ազգային հրապարակախօսութեան մրցոյթի» նախընտրական փուլը, որուն մասնակցած են աւելի քան 50 16-20 տարեկան երիտասարդներ Երեւանի ու տարբեր մարզերու ուսումնական հաստատութիւններէն։
Ամենաբարձր միաւորներ հաւաքած 12 մասնակից անցած է եզրափակիչ փուլ։ Մրցոյթի եզրափակիչ փուլի յաղթող ճանչուած է Անի Իւանեանը, որը Գիւմրիի թիւ 2 դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի է, որ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝ Լոնտոնի մէջ կայացող միջազգային հրապարակախօսութեան մրցոյթին։