Ընկերներուս Մեծ Մասը Հայաստանցիներ են. Հայրենադարձ Բասիլ Թադեւոսեան
Բասիլ Թադեւոսեանը 14 տարեկան է, Հայաստան եկած է 4 տարեկան հասակին: Ծննդավայրի` Իրաքի մասին գրեթէ բան չի յիշեր:
Բասիլը ընտանիքի միակ որդին է, ունի երեք քոյր:
Հայաստան առաջին դասարան գացած է հայկական դպրոց, բայց յետոյ տեղափոխուած է QSI միջազգային դպրոց, այժմ 9-րդ կարգի աշակերտ է: Դպրոցի առարկաներէն կը սիրէ ուսողութիւնը եւ ապագան կը տեսնէ գիտական որեւէ ասպարէզէն ներս. «Դեռ յստակ չեմ կողմնորոշուած, ինչ մասնագէտ կ’ուզեմ դառնալ, բայց հաստատ գիտարուեստներու հետ կապուած ինչ որ բան կ’ընտրեմ»:
Մէկ տարի է Բասիլը սկսած է հայերէն գրել եւ կարդալ սորվիլ, եւ արդէն կրնայ որոշ գիրքեր կարդալ:
Մեր զրուցակիցը շատ այլ նախասիրութիւններ ալ ունի, յաճախած է Թումօ ստեղծարար գիտարուեստներու կեդրոն, նաեւ պասքէթպոլ կը խաղայ` դպրոցի խումբի հետ այլ երկրներու մէջ մրցոյթներւ մասնակցած է:
Հայաստանի շատ տեսարժան վայրեր այցելած է, բայց ամէնէն շատ Ծաղկաձորը կը սիրէ, նաեւ շատ տպաւորուած է Արցախով: «Ես ընկերներ ունիմ արտասահմանէն, բայց ընկերներուս մեծամասնութիւնը հայաստանցի են». կը նշէ Բասիլը:
ՀԱՅՒԱՇԽԱՐՀ- ի համար զրուցեց՝
Արփի Պետրոսեան