28
Mar
Պատանի Տարօն Եագուպեան` Լոս Անճելըսի Միջազգային Գիտական եւ Ճարտարագիտական Տօնավաճառի Յաղթող
Լոս Անճելըսի Յովսէփեան հայկական դպրոցի 7-րդ դասարանի աշակերտ Տարօն Եագուպեան առաջին տեղի գրաւած է Լոս Անճելըսի միջազգային գիտական եւ ճարտարագիտական տօնավաճառին:
Տարօնը ներկայացուցած է արեւային ուժանիւթի հիման վրայ ջեռուցման համակարգի PorSH (Portable Solar Heating Apparatus) նախագիծը: Յայտի ցուցահանդէսին որպէս յաղթող Տարօն Եագուպեան Ապրիլին պիտի մասնակցի Քալիֆորնիոյ գիտական տօնավաճառին, կը յայտնէ «Ասպարէզ»-ը:
Կը նախատեսուի նաեւ պատանի Տարօնին մասնակցութիւնը Broadcom ամերիկեան ընկերութեան գիտական եւ ճարտարագիտական ազգային մրցոյթին:
Տարօնը ծնած է Քալիֆորնիոյ Կլանտէյլ քաղաքը՝ բժիշկ Ստեփան եւ Մարօ Եագուպեաններու ընտանիքին մէջ: