12
Apr

Յորդանանի Մէջ Կատարուեցաւ Նարօտ Տումանեանի Ցուցահանդէսին Բացումը

Ապրիլ 10-ին, Յորդանանի մշակոյթի նախարար Նապիհ Շաքմի ներկայացուցիչ՝ անոր խորհրդական Եասար Ալ Խասաունէ,  բացումը կատարեց երիտասարդ արուեստագէտ Նարօտ Տումանեանի ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած էին պաստելային գոյներով աւելի քան 35 գործ։

Ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի յատկացուի դպրոցներու, պատսպարաններու եւ որբանոցներու մէջ արուեստը ներառելու գործին։

Նարօտ Տումանեանը 16 տարեկան է, նկարել սկսած է երբ դեռ նախակրթարանի աշակերտուհի էր։ Ան նախապէս աշխատած է Յորդանանի հարաւի մէջ, ուր բացած էր ապակիի վրայ նկարելու արուեստանոց մը, ինչպէս նաեւ անկարներու կեդրոնին մէջ հիմնած էր արուեստի դասարան մը։

Նարօտի ծրագիրները տուին իրենց արդիւնքը. այժմ այդ երեխաներն ու աշակերտները կը ստեղծագործեն եւ իրենց հեղինակային գործերը վաճառելով՝ եկամուտ կը բերեն իրենց եւ իրենց կեդրոնին։

Այս տարի, երիտասարդ արուեստագէտը ընդլայնած է իր գործունէութիւնը եւ Յորդանանի մայրաքաղաքին մէջ բացած է իր ցուցահանդէսը, որպէսզի անիկն հասանելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով հասարակութեան։

Յատկանշական է, որ երիտասարդ արուեստագէտը հայրենիքէն դուրս ապրելով եւ օտար դպրոց յաճախելով հանդերձ, անոր մէջ վառ են հայկական շունչը, հայեցիութիւնն ու հայկական երանգները։ Յոյսով ենք, որ ան իր ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ նաեւ Հայնաստանի մէջ։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ

 

 

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...