Մայրենի Լեզուի Պահպանման Սատարող «Ճիշդ Հնչենք» Մրցոյթի Ամփոփում
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, Մայիս 12-ին տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» ծրագրի 8-րդ մրցոյթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 17 հայկական վարժարաններու 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ:
Մրցոյթի մարցանակակաիր դարձան՝
Առաջին
6-րդ դասարանէն Փաթիլ Թասլաքեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն
7-րդ դասարանէն Կալի Սահակեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն
8-րդ դասարանէն Քրիստին Տէր Յարութիւնեան` հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն
Երկրորդ
6-րդ դասարանէն Մանէ Թորոյեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն
7-րդ դասարանէն Սերժիօ Միսիսեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն
8-րդ դասարանէն Նարէ Գարամանուկեան` Հայ աւետարանական քոլէճէն
«Ճիշդ հնչենք» յայտագիրով պատգամ կ՛ուղղուի բոլորին. ճիշդ հնչել, ճիշդ խօսիլ, ճիշդ գրել եւ ճիշդ կարդալ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Իւրաքանչիւր առաջին հանդիսացող ստացաւ 300 հազար լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 200 հազար լիբ. ոսկի: