Պելճիքայի Երկնքին Մէջ Փայլող Հայ Աստղը. 13 Ամեայ Վազգէն Ղայինեան
Վերջերս Հայաստան այցելեց՝ Պելճիքայի պատանիներու բռնցքամարտի ախոյեան, 13 տարեկան Վազգէն Ղայինեան, որուն հետ զրուցելու առիթ ունեցաւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը։
Պրիւքսէլի (Պելճիքա) մէջ ծնած Վազգէնը իր յաջողութիւններով հպարտութեան առիթ ստեղծած է ոչ միայն իր ծնողներուն ու շրջապատին, այլեւ հայ ժողովուրդին։ Ժպտադէմ ու համեստ Վազգէնի մէջ թաքնուած է հզօր ուժ, որ պարտութեան կը մատնէ իր տարիքի բոլոր մրցակիցները։
Վազգէն 2016,2017 եւ 2018 թուականներուն դարձած է պատանիներու բռնցքամարտի ախոյեան, որուն շնորհիւ ստացած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ խաղալու արտօնագիր:
Պելճիքայի հանրային հեռատեսիլը գիտակցելով, որ Վազգէնը մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնի, այժմ կը նկարահանէ անոր կեանքի մասին Ֆիլմը՝ անոր մասնակցութեամբ։
Վազգէնին միշտ աջակցած, քաջալերած ու խորհուրդներ տուած է անոր Հայրը՝ Կարապետ Ղայինեան. Վազգէն մէկ տարի ֆութպոլով զբաղելէ ետք, հօր խորհուրդով անցած է բռնցքամարտի: Վազգէնի մայրը՝ Լոնելա Ֆորթունան Ռումինացի ըլլալով հանդերձ հայերէն սորված է եւ զաւակներուն կը յորդորէ հայերէն խօսիլ։ Վազգէնի քոյրը Քրիստինէն նոյնպէս մի քանի տարի քարատէով զբաղած է։
Վազգէնի խօսքերով, ան շատ հպարտ է իր անուն ազգանունով, երբեք հայ ըլլալը չէ խանգարած զինք խաղալու եւ յառաջանալու, ան ամէն անգամ խաղի կը մասնակցի իր վերնաշապիկին վրայ կրելով եռագոյնը, իսկ խաղի աւարտին եռագոյնը ուսերուն կը դառնայ ախոյեան:
Վազգէն կը ծրագրէ հայերէն գրել կարդալ սորվիլ, իսկ ապագային աշխարհի ախոյեան դառնալու պարագային, խաղալ Հայաստանի դրօշի ներքոյ:
Վազգէն Հայաստան այցելութեան մասին ըսաւ, որ շատ սիրած է Հայաստանը եւ շատ հպարտ է որ հայ է:
Վերջապէս Պելճիքայի երկնքին մէջ փայլող հայկական եռագոնյով աստղը, բոլոր սփիւռքահայերուն հայութեամբ հպարտանալու կոչ կ՛ընէ:
Ցաւալի փաստ է, որ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ ցիրուցան կ՛ապրի, բայց միւս կողմէն մեր եռագոյնը հզօր տիրակալ կը դառնայ տարբեր երկրներու մէջ՝ նուաճելով նոր ասպարէզներ ու տանելով բազում յաղթանակներ:
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար զրուցեց Սօսի Աւագեան