28
Sep
Փարիզի Մէջ Նոյնպէս ԹՈՒՄՕ Բացուեցաւ
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի առաջին միջազգային կեդրոնը՝ «ԹՈՒՄՕ Փարիզ»-ը Սեպտեմբեր 25-ին բացաւ իր դռները Փարիզի մէջ բնակող երիտասարդներու առջեւ:
Կեդրոնի 1500 ուսանողներուն կէսը «ԹՈՒՄՕ Փարիզ» պիտիս սկսի յաճախել այս տարի, իսկ միւս կէսը՝ Յունուարէն սկսեալ։
«Մենք ճանչցանք Հայաստանը՝ իբրեւ գիտութեան, արհեստագիտութեանց ու կրթութեան աւանդոյթներ ունեցող երկիր: ԹՈՒՄՕ-ի միջոցով մենք Փարիզ բնակող երիտասարադներուն պիտի տրամադրենք ապագայի աշխարհը կերտելու համար անհրաժեշտ բոլոր գործիքները»,- նշած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ կեդրոն եկած էր՝ ԹՈԻՄՕ-ի զարգացման հարցերու ղեկավար Բեկոր Փափազեանի ուղեկցութեամբ:
Կրթական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 15-ին: