02
Oct
Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակին. Քուէյթի Ազգային Վարժարան
Հոկտեմբեր 2-ին Քուէյթի Ազգային Վարժարանը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց ՄեԾ ՀԱՅՈՒՆ՝ Շառլ Ազնաւուրի անմահ յիշատակին, ուր 12-րդ կարգի աշակերտւհի Ալեակ Մոմճեան ներկայացուց անոր կենսագրական գիծերը եւ բեղուն գործունէութիւնը, ապա Վարժարանիս Տնօրէն Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան փոխանցեց իր խօսքը, մեծարելով Ազնաւուրի աւանդը եւ ձեռք բերած պատուաբեր յաջողութիւնները։ Աւարտին, ան պատգամեց աշակերտներուն, որ միշտ ձգտին եւ հասնին լաւագոյնին ու կատարեալին, նուաճելով բարձրագոյն դիրքեր, եւ նուաճուած դիրքերը ծառայեցնեն հայ ազգի վերելքին ու ծաղկման։
Օրուան ընթացքին աշակերտները ըմբոշխնեցին Գլխագիր Հայուն արուեստի գործերէն պտառիկներ։