13
Dec
Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Մասնակցութիւնը՝ Կարօտեալներու Յատուկ Նուէրներու Հաւաքին
Դեկտեմբեր 10-ին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի աշակերտները, Լոս Անճելըսի «Էյ.Պի.Սի.7» պատկերասփիւռի կայանին եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հրշէջներուն համակարգած՝ «Սիրոյ Կայծ» նուէրներու հաւաքի արշաւին գործնականապէս մասնակից դառնալու նպատակով՝ այցելեցին Կլենտէյլ քաղաքի հրշէջներու թիւ 25 կեդրոն։
Վարժարանէն վեց թաղամասներ հեռու գտնուող հրշէջներու կեդրոնը քալելով հասած աշակերտները իրենց ջանքերով հաւաքուած բազմաթիւ նուէրները մեծ խանդավառութեամբ յանձնեցին կեդրոնի պատասխանատուներուն, նոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանալով հրշէջներու գործունէութեան։