11
Jan
8-Ամեայ Պոլսահայ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ Ճատրակի Նոր Աստղ
Ութամեայ պոլսահայ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ մասնակցած իր տարիքային մրցաշարի զանազան խաղերուն, որոնց արդիւնքով նուաճած է չորս ախոյեանութիւն, որոնց շարքին՝ ամենաերիտասարդ մարզիկն ու ամենաերիտասարդ ախոյեանը։
Տիգրանի մարզիչը Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեանն է:
2019 թուականը կը նախատեսուի ըլլալ Տիգրանի նուաճումներու շրջան, մեծ յոյսեր կան, որ ան ապագային պիտի դառնայ ճատրակի մեծ աստղ մը։