20
Feb
աշխարհահռչակ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Լիբանանի Ազգային Միացեալ Վարժարան
Փետրուար 15-ին, Ազգային Միացեալ Վարժարան (Լիբանան) այցելեց աշխարհահռչակ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան: Ան հանդիպում մը ունեցաւ 9-էն 12-րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ: Ուրախութիւն յայտնեց հայկական վարժարանի եւ հայախօս աշակերտներու հետ ըլլալուն համար, յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով Ազգային Միացեալ Վարժարանին: