Հայուհին Զէնտայայի եւ Այլ Աստղերու Հետ Նկարահանուած է HBO Հեռատեսիլի Նոր՝ «Էյֆորիա» Նախագծի մէջ
«Մանկական Եւրատեսիլ 2014» երգի միջազգային մրցոյթի մրցանակակիր, մետիադէմք Պեթթին (Էլիզապէթ Դանիէլեան) նկարահանուած է ամերիկեան հանրայայտ WarnerMedia-ի HBO հեռատեսիլի նոր՝ «Էյֆորիա» (Euphoria) նախագիծի մէջ, որուն առաջին մասը հեռարձակուած է Յունիս 16-ին: Հայուհին նախագծիծի մէջ նկարահանուած է յայտնի աստղերու հետ, որոնցմէ են, օրինակ, «Տիսնէյի», իսկ այժմ «Մարուէլի» աստղ Զէնտայան, Ճէյքոպ Էլորտին, Մոտ Ապատոուն եւ hոլիուտեան այլ յայտնիներ: Նախագիծը դեռահասներու եւ անոնց հետ առնչուող խնդիրներու մասին է:
Երգչուհին NEWS.am STYLE-ին պատմած է, թէ ինչպէս ստացած է նախագիծին մէջ նկարահանուելու առաջարկը եւ ինչ տպաւորութիւններ ունի համաշխարհային ճանաչում ունեցող յայտնիներու հետ աշխատանքէն.
Պեթթին հնարաւորութիւն ստացած է մասնակցելու նախագիծին մասնակցելու քասթինկին, քանի որ ունի գործակալ, որ զինք կը ներկայացնէ մետիադաշտին: Ամերիկեան գործակալութիւններէն մէկը պայմանագիր կնքած է անոր հետ, եւ ըստ ամերիկեան մետիայի կանոններու՝ հայ մետիադէմքը գործակալի միջոցով կը մասնակցի փակ քասթինկներու:
«Եւս մէկ նուաճում դէպի դիմացս դրած մեծ նպատակներ: Ոգեւորիչ է կարենալ ոտք դնել ամերիկեան մետիայի փակ դռներէն այն կողմ, իսկ նման գերաստղերու եւ արհեստավարժ անձնակազմի հետ աշխատիլը ինծի համար մեծ փորձ է»,-կ’ըսէ Պեթթին:
Նախագիծը բաւական դրական արձագանգներու արժանացած է ամերիկեան քննադատներու կողմէ, եւ չի բացառուիր, որ անիկա նաեւ երկրորդ եթերաշրջան ունենայ: