Նուէր Դպրոցիս. Շահէ Շահինեան
Զուիցերիայէն՝ Շահէ Շահինեան, 10 օրինակ «Հրաշագործ Նռանէ» գիրք կը նուիրէ իր յաճախած Գամիշլիի Ազգային «Եփրատ» վարժարանի աշակերտներուն։
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 1-ին, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի նախաձեռնութեամբ, լոյս պիտի տեսնէ 13 ամեայ արցախցի պարմանուհի Ժասմին Հայրապետեանի հեղինակած «Սուպեր Նռանէ» վիպակին արեւմտահայերէն տարբերակը, որ կը կոչուի «Հրաշագործ Նռանէ»։
115 էջնոց պատկերազարդ (19 նկար) այս վիպակի հերոսուհին, 16-ամեայ չքնաղ Նռանէն է, որ օժտուած է գերբնական ուժով եւ կը կը պայքարի չարի դէմ, որպէսզի փրկէ Հայաստանը:
Նռանէի զէնքերը հայկական են՝ ծիրանի կորիզը, նուռը, ծիրանափողը, Արծուագորգը, Նարեկը, տուտուկը, Արարատ լեռը, նուռն ու խաղողը:
Գաղտնիքներ… անսպասելի իրավիճակներ, ցնցող բացայայտումներ, սէր, տառապանք, պարտութիւն ու յաղթանակ….
Դուք քանի տարեկան ալ ըլլաք, մէկ շունչով պիտի կարդաք այս գիրքը եւ հաճոյքով պիտի ներկէք գիրքին ոգեշնչող նկարները։