14
Sep

Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան Դարձած 7 Տարեկան Արէն Էմրիկեանը

ԱՄՆ Չիքակօ քաղաքի բնակիչ 7 տարեկան Արէն Էմրիկեանը դարձած է ճատրակի աշխարհի ախոյեան  մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու մրցոյթին։

«Մայրս ինծի սորվեցուցած է ճատրակ խաղալ։ Չեմ յիշեր, թէ երբ խաղացած եմ առաջին խաղս, այնքան շատ ժամանակ անցած է, հաւանաբար` երկու տարի։ Կարծեմ մայրս կ’ուզէր, որ ես իւրայատուկ ըլլամ, ան կը մտածէր, որ ճատրակը լաւ եւ տրամաբանական խաղ է», – նշած է Արէն Էմրիկեանը։

Անոր կարծիքով, ճատրակը իսկական զուարճանք է, եթէ ճիշտ խաղաս եւ խարդախութիւն չընես։

«Ես ամէն շաբաթ մէկուկէս ժամ կը մարզուիմ մարզիչիս հետ ։ Սովորաբար ջղային խաղացող եմ եւ կրնամ 4–5 քայլ առաջ մտածել։ Պաշտպանութեան մէջ այդքան ալ լաւ չեմ, երբ պաշտպանողական ոճով կը խաղամ, կը պարտուիմ», – նշած է փոքրիկ Արէնը։

Արէնի խօսքով` Պրազիլիոյ մէջ տարած յաղթանակը իրեն համար մեծ անակնկալ էր։

«Ոգեւորուած էի, որ պիտի մասնակցիմ, բայց շատ լարուած էի։ Չէի սպասեր, որ կը յաղթեմ», – նշած է Արէնը։

Բացի ճատրակէն, Արէնը կը սիրէ ընթերցանութիւն։

«Կը սիրեմ Հարի Փոթթերի մասին պատմող գիրքերն ու ֆիլմերը»,– ըսած է ան։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...