13-ամեայ տուտուկահար Խանզատեանը միջազգային մրցոյթի յաղթող
13-ամեայ տուտուկահար Նարեկ Խանզատեան արժանացած է Սպանիոյ մէջ կազմակերպուած
Paints of the Spanish Sun միջազգային առցանց մրցոյթ-փառատօնի առաջին մրցանակին: Մրցոյթի
ընթացքին Նարեկը կատարած է հայկական ժողովրդական պար «Ղազախի»` ստանալով ժիւրիի
բարձր գնահատականը:
Ասիկա Նարեկի առաջին մասնակցութիւնը չէ միջազգային մրցոյթի: Ան ունի նաեւ այլ մրցանակներ:
Այս օրերուն պատանի տուտուկահարը կը մասնակցի Երեւանի մէջ իրականացուող Dudukman
միջազգային մրցոյթ-փառատօնին:
Նարեկը պիտի մասնակցի նաեւ Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած «Ապագայ աստղեր» միջազգային
մրցոյթ-փառատօնին` ներկայացնելով հայկական նուագարանը: Իտալական այս մրցոյթի ծիրէն
ներս կազմակերպուած է առցանց քուէարկութիւն. մինչեւ ապրիլ 13 կարելի է քուէարկել Խանզատեանի
օգտին:
Նարեկ Խանզատեան կը յաճախէ Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցը` տուտուկահար Էմմանուէլ Յովհաննիսեանի դասարանը: Ան 8 տարեկանէն կը նուագէ տուտուկ ու
որոշած է ապագային դառնալ արհեստավարժ տուտուկահար: