«Տեսնես` մեր տունը վառեցի՞ն, թէ՞…». 14–ամեայ Ժասմինի գիրքին մէջ մենք յաղթած ենք պատերազմը
14-ամեայ Ժասմին Հայապետեանի գիրքերը հազարաւոր օրինակներով կը վաճառուին
ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ: Գիրքերը լոյս տեսած են նաեւ արեւմտահայերէնով,
շուտով կը թարգմանուին ռուսերէն:
Տեսնես` մեր ընտանեկան ալպոմներն ի՞նչ եղան, իմ խաղալիքներն ինչ ըրին, մեր տունը վառեցի՞ն,
թէ՞ ուրիշները կ՛ապրին…Ասոնք հարցեր են, որոնք կը տանջեն 14-ամեայ Ժասմին Հայրապետեանը:
Արցախի Հատրութ քաղաքին մէջ մնացած են Ժասմինի հայրական տունը, մեծհօր-մեծմօր
գերեզմանները, անոր մանկութեան այգին, խաղալիքներն ու յիշողութիւնները:
Չնայած տարիքին` աղջնակն արդէն երեք գիրքերու հեղինակ է: Սկսած է գրել 11 տարեկանէն:
Անոր «Սուպեր Նռանէ» վիպակի երրորդ հատորը ան սկսած է գրել 44–օրեայ արցախեան պատերազմի
ընթացքին: Գիրքին մէջ կը նկարագրուին իրադարձութիւններ, որոնց բոլորս ականատես եղած ենք:
«Իմ գիրքիս մէջ պատերազմը սկսաւ չարի ու բարիի միջեւ, որովհետեւ բարին ներսէն ճեղքուած է,
յայտնուած էին դաւաճաններ ու մարդիկ կորսնցուցած էին այն արժէքները, որոնք անոնց կը պահէին
դրական յատկանիշներով` մասնաւորապէս բարութիւնը, հաւատքը, ինքնավստահութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, ներումն ու սէրը հայրենիքի հանդէպ: Գիրքիս մէջ պատերազմին՝ բարին
կը յաղթէ, որովհետեւ կը կարենայ վերագտնել այդ արժէքներն ու վերադարձնել մարդոց»,– Sputnik Արմէնիայի հետ զրոյցին ըսած է Ժասմին:
Յատկանշական է, որ Ժասմինի գիրքերու հայ սուպերհերոսուհին չար ու մութ ուժերու դէմ կը պայքարի
հայկական խորհրդանիշներով` ծիրանի կորիզ, Նարեկ, նռան հատիկներ, արցախեան «Արծուագորգ»,
Մասիս սար, Արարատի վրայի Յակոբաց աղբիւրի ջուր, հայկական արծիւ, տուտուկ եւ այլն:
Իսկ ո՞վ է Ժասմինի սուպեր հերոսուհին: «Նռանէն» հայ աղջկայ, հայ կնոջ հաւաքական կերպարն է, որ հայրենասէր է, խիզախ, ինքնավստահ, նպատակասլաց, քնքուշ, սիրող, ու տղամարդու`Գոդի հետ մէջք
մէջքի տուած` կը փրկէ երկիրը չարէն եւ մութ ուժերէն:
Իսկ թէ ինչու «Նռանէ», Ժասմին կը բացատրէ, որ նախ գեղեցիկ անուն է, բացի այդ, Տիգրան Մեծի քրոջ
անունն է, իսկ Տիգրան Մեծի օրօք մենք ունէինք ծովէ ծով Հայաստան:
Ժասմին կը շարունակէ ստեղծագործել: Կը վստահեցնէ, որ պիտի գրէ նաեւ գիրքի 4-րդ մասը: