20 օտար լեզու, 8 մարզական խմբակ, 6 երաժշտական գործիք. երեւանցի հրաշամանուկը
Մենուա Մելիք-Հայկազեանը սովորական երեխայ է` օրուայ անսովոր ծրագիրով, այնքան անսովոր,
որ ինքն ալ անսովոր ու իւրայատուկ դարձած է:
Տղան գիտէ 20 օտար լեզու, միաժամանակ կը նուագէ 6 երաժշտական գործիք, կը յաճախէ 8 մարզաձեւի, ներառեալ` ճատրակ, կը յաճախէ պարի, վոկալի, նկարչութեան, մտաւոր ուսողութեան եւ այլն:
Մենուայի մայր՝ Նունէ Մելիքեանի խօսքով, «Երբ Մենուան ծնաւ, սկսանք անոր Տոմանի կրթական
մեթոտով զարգացնել (Տոմանի մեթոտը կը կիրառուի զարգացման յապաղում եւ լիարժէք զարգացում
ունեցող երեխաներու պարագային): Օրինակ` այս մեթոտով Մենուան 9 ամսականէն արդէն առանց
բռնելու կը քալէր:
«Երբ Մենուան խօսիլ սկսաւ, հայրը անոր զուգահեռ անգլերէն ու ռուսերէն սորվեցուց: Մէկ տարեկանին
Մենուայի համար անգլերէնն ու ռուսերէնը մայրենիին հաւասար էին: 2-3 տարեկանին գիտէր նաեւ
ֆրանսերէն, գերմաներէն: 4 տարեկանէն արդէն սկսաւ չինարէն սորվիլ, յետոյ` հնդկերէն, ապա
սանսքրիտ (հնդկերէն հին գրական լեզու` բարդ քերականութեամբ), որմէ յետոյ` պարսկերէն, արաբերէն
եւ այդպէս շարունակ»:
«Մինչեւ դպրոց երթալը Մենուան արդէն կը յաճախէր նկարչութեան, պարի, լողի, քառաթէի, գեղասահքի,
մտաւոր թուաբանութեան եւ այլ խմբակներ: Կը պարզուի` լեզուները անոր կ՛օգնեն նաեւ հաշուելու գործին
մէջ: Ընդամէնը 8 տարեկան է, բայց 8 նիշանոց թիւերը հանգիստ կը յիշէ ու կը հաշուէ: Մտաւոր
թուաբանութեան մրցոյթին 5 տարեկանին առաջին տեղը գրաւեց, 7 տարեկանին մասնակցեցաւ
միջազգային մրցոյթի եւ ստացաւ ախոյեանական գաւաթը:
Երբ ընդունուեցաւ դպրոց, անոր գիտելիքները դեռ շատ աւելի էին: Ուսուցիչը անոր հետ առանձին
ծրագիրով կը պարապէր, երկրորդ դասարանի վարժութիւններ կու տար», կ՛աւելցնէ Մենուայի մայրը:
Մենուան երաժշտական դպրոց սկսած է յաճախել 4,5-5 տարեկանին: Ան կը նուագէ դաշնամուր,
պլոկֆլէյտա ու հարուածային գործիքներ, աւելի ուշ եւս 3 գործիք` կիթառ, ջութակ, ֆլէյտա: Ընդհանուր
առմամբ այս պահուն 6 գործիք կը նուագէ:
Ութ ամեայ փոքրիկը, «Արտ միւզիք» միջազգային փառատօնին 2-րդ տեղը գրաւած է, յետոյ ուրիշ մրցոյթի
մը ստացած է առաջին մրցանակը: «Կլոպալ Արթ ֆէստ» հանրապետական մրցոյթին առաջին մրցանակին արժանացած է միաժամանակ 3 գործիքէ` դաշնամուր, ֆլէյտա եւ մարիմպա:
Մենուան ոչ միայն կը նուագէ, այլեւ երաժշտութիւն կը գրէ: Առաջին երաժշտութիւնը գրած է 6 տարեկանին:
Նաեւ հրաշալի կը նկարէ: Իսկ 5 տարեկանէն կը յաճախէ պարի` «Բարեկամութիւն» մանկապատանեկան համոյթին:
Հրաշամանուկը նաեւ մարզական հետաքրքրութիւններ ունի: Կը յաճախէ 8 խմբակ` Ճատրակի նկատմամբ յատկապէս հետաքրքրութիւնը մեծ է: 5 տարեկանէն կը մասնակցի ճատրակի մրցոյթներու եւ որակաւորման մրցաշարերու:
Ինչ խօսք, 8-ամեայ երեխայի համար այս ծրագիրն առաջին հայեացքէն, անհաւանական կը թուի: Բայց
Մենուայի մայրը կը վստահեցնէ, որ երեխան ժամանակ կ՛ունենայ նաեւ հասակակիցներու հետ խաղալու,
«շատ կը սիրէ յատկապէս տարբեր լեզուներով հէքիաթներ կարդալ»:
Այսքան բազմազան զբաղումներու մէջ Մենուան դեռ չէ կողմնորոշուած, թէ որ մէկը աւելի կը սիրէ: «Բոլորը,-
կ՛ըսէ ան: Հարցին, թէ ինչ կ՛ուզէ դառնալ, կը պատասխանէ. «Ամէն ինչ»: Իսկ լեզուներէն, օրինակ,
ամենաշատը չինարէն կը սիրէ: «Դժուար է, ատոր համար կը սիրեմ»,-կ՛ըսէ: