26
Dec
«Կ՝ուզեմ Յաղթել Ի Պատիւ Ժողովուրդիս. Ատելիա Պետրոսեան (տեսանիւթ)
«Կը սահիմ, որ ոգեւորեմ հայ ժողովուրդը, որուն արիւնը կը հոսի երակներուս մէջ։ Կ՝ուզեմ յաղթել ի պատիւ ժողովուրդիս, կ՝ուզեմ, որ Արցախը հայկական մնայ․․․»,- Ատելիա Պետրոսեան։
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ հայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեանը կատարած է երկու քառակի ռիթպըրկըր, եւ ասիկա ոչ միայն կանանց, այլ նաեւ տղամարդոց մենասահքի առաջնութեան:
Գեղասահքի 2022 թուականի Ռուսիոյ առաջնութեան ազատ ծրագրի մրցումները ընթացած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ։ Ազատ ծրագրի համար մարզուհին ստացած է 160,68 նիշ։
Նախապէս, 14-ամեայ գեղասահորդուհին քառակի ռիթպըրկըրը կատարած էր Փերմի Ռուսիոյ բաժակի փուլի մրցումներուն: