Սասունի իշխան Սանասար տղայ մը ունեցաւ եւ զայն կոչեցՄհեր: Մհեր շատ արագ կը մեծնար: Երբ տասնհինգ տարեկան եղաւ, արդէն հսկայ մը դարձած էր: Օր մը առիւծ մը երեւցաւ Սասունի բերդին առջեւ: Տեղի բոլոր բնակիչները շատվախցան եւ պատսպարուեցան բերդին մէջ: Առիւծը փակածէր դէպի ցորենի դաշտ տանող լեռնոտ Սասունի ճամբան, եւեթէ այդպէս երկար շարունակուէր բոլոր բնակիչները անօթութենէն պիտի մեռնէին:
Սանասար տրտում–տխուր նստեր էր իր գահին: Մհեր տեսաւհօր տխրութիւնը եւ հարցուց անոր.
– Հայրի՛կ, ինչո՞ւ տխուր ես:
– Որդի՛,- հսկայ առիւծ մը նստեր է ճամբուն վրայ եւ չի ձգեր, որգիւղացիները ցորեն բերեն վարի դաշտէն: Մենք բոլորս պիտիմեռնինք անօթութենէն: Մհեր շատ բարկացաւ եւ ըսաւ:
– Հայրի՛կ, ես պիտի երթամ ու սպաննեմ այդ առիւծը:
Մհեր անմիջապէս գնաց բերդին քով առիւծը սպաննելու,երբառիւծը տեսաւ Մհերը, բացաւ բերանը եւ պատրաստուեցաւ համեղ որս մը ուտելու: Մհեր նետուեցաւ առիւծին վրայ, բռնեց անոր բերանը եւ պատռեց: Այսպիսով Մհեր փրկեց Սասունի բնակիչներու կեանքը։ Այս քաջութեան համար Մհերի անունը դրին Առիւծ Մհեր:
Սանասարի մահէն ետք, Սասունի Իշխան դարձաւ Առիւծ Մհերը: Ան Քառասուն տարի մնաց Սասունի իշխան: Թշնամիները կը սարսափէին Մհերէն: Ո՛չ ոք կըհամարձակէր մօտենալ Սասունի սահմաններուն:
Բայց Մհեր ծերացաւ եւ դեռ զաւակ չունէր: Եթէ մեռնէր, ո՞վ պիտի ըլլարանոր յաջորդը: Անոր համար ալ շատ տխուր էր:
Օր մը հրեշտակ մը երեւցաւ Մհերին եւ ըսաւ. –Ո՜վ քաջ Մհեր, Աստուած լսեց քու սրտիդ փափաքը եւ շուտով տղայ մը պիտի ունենաս: Հրեշտակը անհետացաւ: Առիւծ Մհեր ուրախացաւ, որ իրեն յաջորդող մը պիտի ունենայ: Անցան ինը ամիսներ ու ինը ժամեր եւ Առիւծ Մհեր մանչ մը ունեցաւ, որուն անունը դրին Դաւիթ:
Եկէք պատասխանենք
1-Սանասարի որդի Մհերը ինչպիսի՞ մէկն էր
Մհեր շատ արագ կը մեծնար, երբ 15 տարեկան դարձաւ արդէն քաջ հսկայ մըն էր:
2-Սասունի բնակիչները ի՞նչ վտանգի մէջ էին :
Առիւծ մը փակած էր վարի դաշտի ճամբան, ուրկէ ցորեն կը բերէին, եւ եթէ այդպէս երկար շարունակուէր Սասունի բոլոր բնակիչները պիտի մեռնէին անօթութենէն:
3-Մհեր ինչպէ՞ս փրկեց Սասունի բնակիչները եւ ի՞նչ կոչուեցաւ:
Մհեր նետուեցաւ առիւծին վրայ, բռնեց անոր բերանը եւ պատռեց: Այսպիսով փրկեց Սասունի բնակիչներու կեանքը։Անոր համար ալ կոչուեցաւ Առիւծ Մհեր:
4-Մհեր ինչո՞ւ տխուր էր :
Մհեր տխուր էր, որովհետեւ ծերացաւ եւ դեռ զաւակ չունէր:
5-Հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ Մհերին:
Հրեշտակը Մհերին ըսաւ, –Ո՜վ քաջ Մհեր, Աստուած լսեց քուսրտիդ փափաքը եւ շուտով մանչ մը պիտի ունենաս:
6- Առիւծ Մհեր զաւակ ունեցա՞ւ:
Այո, Առիւծ Մհեր տղայ մը ունեցաւ, որուն անունը դրին Դաւիթ:
Բառարան:
Հսկայ = յաղթանդամ
Պատսպարուիլ = ապաստանի մէջ պահուըտիլ
Համեղ =համով
Փրկել=ազատել
Սարսափիլ =վախնալ
Անհետանալ =աներեւութանալ, անյայտանալ
Մանչ =տղայ, որդի