Արտաշէսեաններու Համահայկական թագաւորութիւն Ա. Հայոց Պատմութիւն Մաս Ե.

Արտաշէս Ա.

Արտաշէս Ք․Ա․ 189 թուականին, հռչակեց Մեծ Հայքի անկախութիւնը, Ծոփքի մէջ  ալ թագաւոր

դարձաւ Զարեհը:

Ստեղծուած թագաւորութիւնը իր հիմնադիրի ` Արտաշէսի անունով կոչուեցաւ   Արտաշէսեան:

Նոյն ժամանակ անկախացաւ  նաեւ Փոքր Հայքը: Այսպիսով Ք․Ա․ 2-րդ դարուն հռչակուեցան

Մեծ Հայքի, Փոքր Հայքի, Ծոփքի, Կոմագենէի հայկական չորս  հզօր թագաւորութիւնները:

                   Հայաստանի Արտաշէսի օրերուն

Երբ Արտաշէս հռչակեց Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը հայկական  շարք մը երկրամասեր  նուաճուած

էին հարեւան երկիրներու կողմէ:

Եւ անոր առաջին քայլը եղաւ Մեծ Հայքի տարածքներու վերամիաւորումը: Արտաշէսի եւ զօրավար

Սմբատ Բագրատունիի շնորհիւ Մեծ Հայքին միացուեցան

Գուգարքը, Տմորիքը, Կասպէից երկիրը, Դերջան գաւառը եւ  շարք մը այլ երկրամասեր:

Ք․Ա․ 183 թուականին, պատերազմ  սկսած էր Փոքր Ասիոյ  հինգ փոքր պետութիւններու մէջ:

Մեծ Հայքը` որպէս տարածաշրջանի  հզօր եւ ազդեցիկ տէրութիւն,   միջամտեց պատերազմի

դադարեցման համար:

Իր նորահռչակ թագաւորութիւնը հզօրացնելու համար Արտաշէս սկսաւ իրականացնել  մեծ

բարեփոխումներ:

Ան երկրի պաշտպանութիւնը ամրապնդելու նպատակով  զօրքը բաժնեց չորս զօրավարութիւններու՝ համապաստխան աշխարհի չորս կողմերուն:

Վարչական բարեփոխումով Մեծ Հայքը բաժնուեցաւ 120 գաւառներու:

Արտաշէս արգիլեց գիւղացիներու հողերու գրաւումը եւ  քարեր տեղադրել տուաւ համայնական եւ

մասնաւոր հողերուն միջեւ:

Այդ քարերուն վրայ կան արամէատառ արձանագրութիւններ, ուր Արտաշէս ինքզինք կը համարէ

 

Հայկազուն Երուանդականներու շառաւիղ:

Արտաշէս հզօրացուց տնտեսութիւնը:  Ըստ Խորենացիի` Հայոց աշխարհի մէջ «անմշակ հող չէր մնացած»:

Ան վերականգնեց հայոց նախնիներու պաշտամունքը: Արտաշատի մէջ կառուցեց Մայր դիցուհի` Անահիտի տաճարը:

Արտաշատ քաղաքի յատակագիծ

Երկրին մէջ կարեւորագոյն իրադարձութիւն էր Ք․Ա․ 185 թուականին, նոր մայրաքաղաք Արտաշատի

կառուցումը:

Արտաշատի մէջ կառուցուեցան տաճարներ, թատրոններ, շինութիւններ, որոնք քաղաքը դարձուցին

ժամանակի խոշորագոյն կեդրոններէն մէկը աշխարհի մէջ:

Արտաշէս իր կատարած գործերուն համար մեծարուած է ժողովուրդին կողմէն Մեծ, Աշխարհակալ, Բարեպաշտ պատուանուններով:

Անոր ձօնուած են   «Արտաշէս եւ Սաթենիկ»,  «Արտաշէս եւ Արտաւազդ»  ասքերը, որոնք գրի

առնուած են Մովսէս Խորենացիի կողմէ:

Արտաշէս եւ Սաթենիկ

Ըստ Պատմահօր` անոր յուղարկաւորութեան ժամանակ կը սգար ամբողջ ազգը:

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝ Մանէ Խաչատրեան։

ՀԱՅԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄԸ (ԱՒԱՆԴԱԶՐՈՅՑՆԵՐ). ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Ա.

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Բ.

ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Գ.

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԵՐՈՒԱՆԴԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Դ.

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...