Արտաշէս Առաջին, որ եղած է հայոց ամենահզօր եւ ամենալաւարքաներէն մէկը, այնքան լաւ, որ կոչուած է Բարի Արտաշէս: Պիտի գիտնաք, թէ Արտաշէս ինչու Աշխարհակալ կոչուեցաւ, եւթէ ինչ ըրաւ անոր որդին Արտաւազդը:
Արտաշէս թագաւոր Աշխարհակալ կոչուեցաւ, որովհետեւ անգրաւեց բոլոր հայերէն խօսող ցեղերու երկիրները եւընդարձակեց Հայաստանի սահմանները: Արտաշէս թագաւորկառուցեց նոր մայրաքաղաք մը, որ իր անունով Արտաշատկոչուեցաւ: Արտաշատը եղաւ պատմական Հայաստանի 4-րդմայրաքաղաք։
Արտաշէս թագաւորի օրերուն ալաններու կռուարար ցեղըփորձեց գրաւել Հայաստանը: Քաջ Արտաշէս պատանդվերցուց ալաններու արքայազնը: Արքայազնի քոյրը, Սաթենիկուզեց ազատել իր եղբօր, ան իր իմաստուն խօսքերով եւգեղեցկութեամբ գրաւեց հայոց թագաւորի սիրտը:
Սիրահարուած Արտաշէսը խաղաղութիւն հաստատեցալաններու հետ, փախցուց Սաթենիկը եւ ամուսնացաւ անորհետ։ Արտաշէս երջանիկ կառավարեց երկիրը մինչեւ խործերութիւն: Արտաւազդ, որ Արտաշէսի մեծ որդին էր եւ անոր գահաժառանգը, կը նախանձէր բոլոր անոնց, որոնց հանդէպթագաւորը բարի էր, ան նոյնիսկ իր հարազատներէն կընախանձէր: Օր մը երբ մօտեցաւ սիրուած արքայի մահուանժամը, հպատակներէն շատեր նոյնիսկ անձնասպան եղան: Արտաւազդ տեսնելով այդ բոլորը, զայրացած ըսաւ իր հօրը. –Ալ ես որո՞ւն կառավարեմ, երբ բոլորը հետդ կը տանիս: Արտաշէս թագաւոր վիրաւորուած Արտաւազդէն անիծեց զինքեւ ըսաւ. – Երբ դուն որսի երթաս Ազատ Մասիսն ի վեր, քաջքերը թող շղթայեն քեզ ու բանտարկեն Ազատ Մասիսի մեծանդունդին մէջ, եւ հոն մնաս ու երբեք լոյս չտեսնես: Կ’ըսուի, թէ հօր անէծքը կատարուեցաւ: Որսի պահուն՝ Արտաւաազդ իրնժոյգին հետ գլորեցաւ անդունդին մէջ եւ քաջքերը զինքշղթաներով կապեցին:
Եկէ՛ք պատասխանենք,-
Արտաշէս թագաւոր ինչո՞ւ աշխարհակալ կոչուեցաւ
Արտաշէս թագաւոր Աշխարհակալ կոչուեցաւ, որովհետեւ անգրաւեց բոլոր հայերէն խօսող ցեղերու երկիրները եւՀայաստանի սահմանները ընդարձակեց:
Արտաշէս թագաւոր ի՞նչ կառուցեց
Արտաշէս թագաւոր կառուցեց նոր մայրաքաղաք մը, որ իրանունով Արտաշատ կոչուեցաւ: Արտաշատ եղաւ պատմականՀայաստանի 4-րդ մայրաքաղաքը։
Արտաշէս ո՞ր ցեղին դէմ կռուեցաւ, եւ որո՞ւն պատանդ վերցուց
Արտաշէս թագաւոր կռուեցաւ ալաններու ցեղին դեմ, եւպատանդ վերցուց ալաններու արքայազնը:
Ո՞վ գրաւեց Արտաշէսին սիրտը եւ ի՞նչ եղաւ
Ալաններու արքայազնի քոյրը՝ Սաթենիկ, իր իմաստունխօսքերով ու գեղեցկութեամբ գրաւեց հայոց թագաւորինսիրտը: Սիրահարուած Արտաշէսը խաղաղութիւն հաստատեցալաններու հետ, փախցուց Սաթենիկը եւ ամուսնացաւ անորհետ։
Արտաշէս մինչեւ ե՞րբ կառավարեց երկիրը, ո՞վ էր անորգահաժառանգը
Արտաշէս թագաւոր երկիրը կառավարեց մինչեւ խործերութիւն, անոր գահաժառանգը եղաւ , իր մեծ որդին՝Արտաւազդը:
Բառարան
Հզօր= զօրաւոր
Վիպերգ= հերոսավէպ
Առասպել= հէքիաթ
Աշխարհակալ=շատ երկիրներ գրաւող
Ընդարձակել=ընդլայնել, տարածել
Բռնակալ= բռնապետ, ուժով տիրող
Կռուարար=կռուասէր
Արքայազն=իշխան
Գահաժառանգ = թագաւորի յաջորդ
Հարազատ=մօտիկ ազգական
Հպատակ =ենթարկեալ
Զայրացած=բարկացած
Անէծք=չար մաղթանք
Անդունդ= վիհ, խորք
Նժոյգ=ձի
Քաջք=ոգի